
Լիբանանահայ Աշակերտներ` Արցախցիներուն Կողքին. «Ազդակ»
Նամակներ
Սիրելինե՛ր,
Երանի՜ անոր, որ կը զինուորագրուի հայկական բանակին, ու երանի՜ անոր, որ կ՛անմահանայ ի սէր հայրենիքին: Երանելի՜ էք նաեւ դուք, հերոսի՜ ծնողք, որովհետեւ ձեր զաւակը կռուեցաւ, որպէսզի մենք ապրինք, պայքարեցաւ, որպէսզի մենք գոյատեւենք: Կա՞յ ասկէ աւելի հպարտութիւն ներշնչող զգացում. երբե՛ք: Թող յաւերժ ապրին մեր հերոսները մեր սրտերուն ու մտքերուն մէջ եւ մեզ ոգեզինեն հայրենասիրութեան շունչով:
Ձեզ միշտ յիշող`
ՅԱԿՈԲ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ
Սիրելի հա՛յ զինուոր,
Գիտեմ` ի՛նչ դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուիս: Ցուրտին ու բուքին կանգնած ես` հպարտ եւ անվախ: Կեանքդ պատրաստ ես նուիրելու հայրենիքին, կը պաշտպանես մեր սուրբ հողերը: Սփիւռքահայութիւնը հոգիով եւ միտքով մի՛շտ կողքիդ է: Ամէն օր կ’աղօթենք, որպէսզի մնաս ապահով, իսկ մեր հայրենիքը` խաղաղ:
ՔԻԼԵՃԵԱՆ ՍԵԼԻՆ
Սիրելի հերոսածի՛ն մայրեր,
Արիասիրտ քաջ մայրեր, ձեզմէ ծնած են քաջ մարտիկներ առիւծի նման, որոնք իրենց ընտանիքէն եւ աշխարհիկ հաճոյքներէն հրաժարելով` իրենք զիրենք նուիրեցին հայրենի հողին իրենց մատղաշ տարիքէն:
Այսօր, իբրեւ ձեր զաւակին տարեկից պատանի, թէեւ չկրցայ պատերազմի երթալ, բայց ընդմիշտ աղօթող եղայ ձեզի համար, որ բարձրեալն Աստուած ձեզի համբերութիւն տայ, քանի որ եթէ դուք չըլլայիք, այսպիսի հերոսներ պիտի չունենայինք:
Ձեր նմաններուն շնորհիւ է, որ մենք այսօր կրնանք մեր հայրենի հողը պաշտպանել:
Այսօր այս աշխարհը լի է դաւաճաններով, որոնց պատճառով նենգ խաղի մը զոհ դարձանք եւ մեր սրտի հատոր Արցախը յանձնեցինք օտարին ձեռքը: Դուք ամէն գնով քաջալերեցիք ձեր զաւակը պատերազմի դաշտ երթալու եւ յաղթանակ ձեռք բերելու: Ձեր զաւակները արծիւի նման սլացող եւ առիւծի պէս հզօր էին, որոնք որեւէ ճիգ չխնայեցին մեր սրբազան հողը պաշտպանելու: Ապրի՛ք մայրեր, դուք հազա՛ր ապրիք, հերոսածին հայ մայրեր:
ՆԵՐՍԷՍ ԻՍԱՀԱԿ
Արցախցի եղբայր,
Կը խոնարհիմ ձեր նման որդիներու շիրիմին առջեւ: Ձեր նման որդիներ ծնած հայերու շնորհիւ է, որ մենք պիտի կարենանք վերատիրանալ մեր պապենական հողերուն: Աստուած պահապան ձեզի: Թող սուրբ խաչը առաջնորդէ իւրաքանչիւր արցախցիի քայլերը:
ԼՈՌԻ ԱՅՆԵՃԵԱՆ
Սիրելի արցախցի՛ մայր,
Հերոս տղադ ելաւ բարձրունքը ազատագրելու: Ան զոհուած չէ, այլ կ՛ապրի յաւերժ: Մենք` իբրեւ նոր սերունդի պատանիներ, կը խոստանանք տէր կանգնիլ մեր հայրենիքին: Արցախի երկնակամարին վրայ պիտի ծածանի եռագոյնը:
Յաւերժ փառք`
ՍԹԵՖԱՆԻ ԳԱՍԵՄՃԵԱՆ
Սիրելի հերոսի՛ ընտանիք,
Ամէն ընտանիքի չէ, որ կը շնորհուի հերոս նահատակ ունենալը: Դուք այդ եզակիներէն էք, որ Աստուած պարգեւեց այդ պսակը: Մենք ալ ձեզի կը միանանք մեր ամէնօրեայ պատարագներու ընթացքին եւ մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած` ի հանգիստ Արցախի մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն, որոնք ֆիզիքապէս հեռացան մեզմէ, բայց իրենց մարտիրոսութեամբ կը մնան անմահներ:
Հպարտ ենք ձեզմով: Ամուր ենք հերոսի յիշատակով:
Սիրով`
ԱԲՐԱՀԱՄ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ
Սիրելի հերոսի՛ ընտանիք,
Կը ցաւակցիմ ձեզի, Աստուած օրհնէ ձեր նուիրեալ ընտանիքը եւ ձեր հերոսին հոգին լուսաւորէ, ուժ ու կորով ձեզի: Դժուար է, գիտեմ, կորսնցնել ընտանիքի անդամ, սակայն դուք սովորական ընտանիք չէք, այլ` ամբողջ ազգիս կողմէ յարգանք ու պատիւի արժանի ընտանիք: Մենք ձեզմով միշտ հպարտ ենք, ձեզ միշտ կը յիշենք մեր աղօթքներուն մէջ: Կը հաւատամ, որ օր մը յաղթանակը մեզի է, ու պէտք չէ մոռնանք մեր հերոսներուն թափած արիւնը: Մինչեւ վերջին շունչը պիտի պահանջենք մեր իրաւունքը, ու պիտի պաշտպանենք մեր հողերը: Յոյսով եմ, որ ձեր օճախը պիտի լուսաւորուի յաղթութեամբ եւ ուրախութեամբ:
ԹԱԼԻԱ ՕՔՍԱԶԵԱՆ
Սիրելի նուիրեա՛լ ընտանիք,
Որքան մխիթարական խօսքեր փոխանցեմ ձեզի, անկարող եմ ամոքելու ձեր խոր վէրքերը, որոնք բորբոքած են ձեր սրտին մէջ: Սակայն վստահ եղէք, որ համայն հայութիւնը երախտագէտ է ձեր անմահ հերոսի արիւն թափելուն: Հերոս, այսինքն` հայրենիք. հող, որուն արժէքը գիտէ ան, որ նահատակ տուած է անոր փրկութեան համար:
Հետեւաբար ձեր ցաւը վեհ ցաւ մըն է: Թող այդ մէկը վերածուի պարծանքի ու հպարտութեան, որովհետեւ ձեր կամաւոր հոգիով հերոսի զոհողութեան արդիւնքով: Յարգա՛նք ու պատիւ ձեզի, խունկ եւ մոմ` անմահ հերոսի յիշատակին:
ՍԷՐԼԻ ԹՈՒԹԻՔԵԱՆ