Ազրպէյճանցի Զինծառայողները Իջած են Իրենց Դիրքերէն եւ Ուժի Գործադրումով Տարած են Տեղ Գիւղի Բնակիչը. Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը ահազանգ ստացած է, թէ ազրպէյճանցի 4 զինուած ծառայող այսօր յանցաւոր արարքներով առեւանգած է ՀՀ Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքի Տեղ գիւղի բնակիչն ու անոր ոչխարները։

Ըստ ահազանգի տուեալներուն՝ ՀՀ բնակիչը Տեղ համայնքի Տեղ, Արաւուս եւ Խնածախ գիւղերու հատման հատուածին վրայ գտնուող արօտավայրին մէջ կը հետեւէր իր արածող ոչխարներուն: Ժամը 15:30-ի սահմաններուն, Ազրպէյճանի 4 զինուած ծառայող, նկատելով ՀՀ խաղաղ բնակիչը, իջած են իրենց դիրքերէն՝ մօտ 150 մ, եւ գոռգռալով, քաշքշելով, ուժի գործադրումով հովիւը տարած են դէպի իրենց կողմը՝ Ծիծեռնավանքի ուղութեամբ:

Խօսքը նաեւ բնակիչին հետ միասին 400-450 ոչխար առեւանգելու մասին է:

Ահազանգը ճշգրտուած է. այս հանգամանքները ականատեսի տուեալներ են:

Ըստ լրացուցիչ ճշտման՝ միջադէպին մասին տեղեկացուած են ՌԴ սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչները, որոնք աշխատանքներ կը տանին ՀՀ քաղաքացին ու իր ոչխարները վերադարձնելու ուղղութեամբ:

Այս ահազանգը կը վկայէ ազրպէյճանական զինուած ծառայողներուն յանցաւոր արարքներով ՀՀ խաղաղ բնակիչի կեանքին, անձնական ազատութեան եւ սեփականութեան իրաւունքներու նկատմամբ յանցաւոր ոտնձգութեան մասին:

ՀՀ քաղաքացիական բնակիչներու նկատմամբ ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու չդադարող յանցանքները, որոնք գրեթէ ամէն օր են, անհնար կը դարձնեն մարդոց բնականոն կեանքը, կը զրկեն ընտանիքի եկամուտը վաստակելու, գիւղատնտեսութեամբ զբաղելու հնարաւորութենէն, կը պատճառեն հասարակական խնդիրներ:

Այս միջադէպը կ՝ապացուցէ, որ ՀՀ գիւղերու հարեւանութեամբ ու ճանապարհներուն ազրպէյճանական որեւէ ծառայող պէտք չէ ըլլայ:
Այս հարցին լուծումը հրատապ է. ատիկա անհրաժեշտ է մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց անվտանգութիւնն ու բնականոն կեանքը վերականգնելու համար. պէտք է ըլլայ անվտանգութեան ապառազմականացուած գօտի։

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանի այս առաջարկը արդէն տեղ գտած է միջազգային յստակ փաստաթուղթի մէջ՝ Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 2021թ. Սեպտեմբեր 27-ի թիւ 2391 (2021) բանաձեւին մէջ:

Այս միջադէպին փաստը պիտի ներառուի Մարդու իրաւունքների պաշտպանի միջազգային հաղորդումներուն մէջ:

Նոյնը պէտք է ընէ Կառավարութիւնը. այս փաստը պէտք է օգտագործուի մարդոց իրաւունքները հիմնարար պաշտպանելու նպատակի համար: