Տուն Կառուցելու Ծրագիր Արցախի Նախիջեւանիկ Գիւղին Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը ստորագրած են փոխըմբռնման յուշագիր, որուն համաձայն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը պիտի հովանաւորէ Ասկերանի շրջանի Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման 16 տուներէն վեցին շինարարութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը։

Ծրագիրին մասնակցութիւնը Արցախը վերականգնելու եւ զայն վերաբնակեցնելու առաքելութեան մէկ մասն է: «Պատերազմէն անմիջապէս ետք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերստին ձեռնամուխ եղաւ ո՛չ միայն առաջին օգնութիւն տրամադրելու, այլեւ օգնելու` վերակառուցելու քանդուածը: Նշենք, որ ցարդ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը Ստեփանակերտի եւ Մարտունիի մէջ նորոգած է 17 տուն:

«Սատարենք մեր հերոսներուն» բարեգործական Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը նախաձեռնած էր Նախիջեւանիկ գիւղի նոր թաղամասի կառուցման ծրագիրը 2021 թուականի Յունուարին: Արցախի կառավարութեան կողմէ կազմակերպութեան նուիրուած էր 3 հեկտար հողատարածք»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: