«Ազրպէյճանը Քաղաքակրթութեան Թշնամի» Մատենաշարի Լոյս Ընծայման Առիթով՝ Մամլոյ Ասուլիս

Այլեւայլ, Հայաստան

14 Դեկտեմբերին, Մեսրոպ Մաշտոց Համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է մամլոյ ասուլիս՝ նուիրուած «Ազրպէյճանը Քաղաքակրթութեան Թշնամի» մատենաշարի լոյս ընծայումին։ Մատենաշարը կը հանդիսանայ ՄՄՀ Կովկասագիտութեան կեդրոնի, «Մշակութային ժառանգութեան Հանրային Խորհուրդ ՀԿ-ի եւ «Գոլոս Արմենիա» հասարակական քաղաքական անկախ թերթի միատեղ նախագիծը:

ՄՄՄ կովկասագիտութեան կեդրոնի ղեկավար Յովիկ Աւանէսով ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Ազրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման. շարք մը եկեղեցիներու, խաչքարերու եւ յուշարձաններուն նկատմամբ վանտալիզմին եւ սրբապղծման:

««Ազրպէյճան Քաղաքակրթութեան Թշնամի» մատենաշարի ստեղծումի գաղափարը մինչ պատերազմ յառաջացած էր: Մատենաշարի հրապարակման նպատակն է տարբեր լեզուներով հանրահռչակելու մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Մշակութային ժառանգութեան վրայ շեշտ կը դնենք, որովհետեւ այդ խնդիրը օրակարգային է: Անդրադարձ կատարած ենք մշակութային կոթողներու ոչնչացման, որուն մասին միանշանակօրէն պէտք է տեղեակ ըլլայ միջազգային հանրութիւնը: Թուրք-ազրպէյճանական հրոսակները ամէն ինչ կ’ընեն ոչնչացնելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Այդ ուղղութեամբ մենք ունինք բազմաթիւ փաստեր՝ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ պղծումը: Թշնամին բազմիցս թիրախաւորած է Մարտունիի Մոնթէ Մելքոնեանի յուշարձանը: Հաւաքագրած ենք շարք մը փաստեր, որոնք կը վերաբերին Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող գերեզմաններու քանդումին: Այս անմարդկային արարքները անգամ մը եւս կը փաստեն, որ թշնամին իր ձեռագիրը չէ փոխած եւ կը շարունակէ վարել իր ցեղասպան քաղաքականութիւնը: Նման մատենաշարարին շնորհիւ կը փորձենք բարձրաձայնել Ազրպէյճանի անմարդկային քայլերը եւ լուծման ուղիներ փնտրել»,յատկապէս ըսած է Յովիկ Աւանեսով։ Ասուլիսի երկրորդ բաժինով Յ. Աւանեսով պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: