
Պատրաստ Ըլլալ Կազմակերպուած Մեկնելու. ՀՅԴ Ազատամարտիկներու Յանձնախումբին Կոչը Հասարակութեան
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Ազատամարտիկներու յանձնախումբը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ:
Ազրպէյճանը հերթական անգամ սանձազերծած է ռազմական գործողութիւններ՝ այս անգամ զանոնք տեղափոխելով Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։
ՀՅԴ Ազատամարտիկներու յանձնախումբը, հաւատարիմ բոլոր ուժերով Հայրենիքը պաշտպանելու կուսակցութեան հաւատամքին, իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ կանգնելու Հայ զինուորի կողքին։ Նախորդ պատերազմներուն ընթացքին մեր գումարտակի ու վաշտերու կազմին մէջ մարտնչած բոլոր կամաւորներուն կոչ կ՝ընենք ամէն վայրկեան պատրաստ ըլլալու կազմակերպուած մեկնելու Հայրենիքը պաշտպանելու։
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի Ազատամարտիկներու յանձնախումբ
16.11.2021 թ.