Երբ Խօսքը Կը Վերածուի Գործի. Ներկայացուած է Սանահին Բաբաջանեանի «Տիեզերքում Դեգերելիս» Խորագիրով Ցուցահանդէսը

Սփիւռք

Թեհրանի «Արան» ցուցասրահին մէջ բացուած է Սանահին Բաբաջանեանի «Տիեզերքում դեգերելիս» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։

Սանահին Բաբաջանեանը ժամանակակից հայ նկարիչ է, որուն համար փորձարկումները, նոր տարածքներու բացայայտումը կը կազմեն իր արուեստի անբաժան մասը: Երբեք չվախնալով կտրուկ քայլեր ընելէ, հարցեր ուղղելէ՝ ան երիտասարդ տարիքէն սկսած անվերապահ նուիրուած է արուեստին: Սանահինը արդէն հասցուցած է իր ստեղծագործութիւնները ցուցադրել մայրաքաղաքի հանրածանօթ ցուցասրահներուն մէջ։

Երիտասարդ արուեստագէտը կը շարունակէ իրեն համար բացայայտել ժամանակակից գեղանկարչութիւնը՝ իբրեւ դրսեւորման անսահմանափակ դաշտ՝ փնտռելով ինքնութեան համար միջանկեալ տարածութիւններ։

Սանահին իր ցուցասրահը բաժնած է երկու մասի։ Այնտեղ ներկայացուած են ստեղծագործութիւններ փայտով եւ կտաւի վրայ աշխատութիւններ՝ ընդգրկելով, իրանական եւ հայկական ճարտարապետական եւ մշակութային փոխկապակցուածութիւնը, ուր ընդգծուած է՝ երկու մշակոյթներուն միջեւ անքակտելի կապը։

Ցուցասրահը պիտի գործէ մինչեւ Նոյեմբեր 19: