«Արժանապատւութեան եւ Դիմադրութեան Կազմակերպում» Խորագիրով Բանախօսական Երեկոյ՝ Նոր Ջուղայի Մէջ
Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի՝ 2021 թուականի Նոյեմբեր 8-ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բանախօսական երեկոյ՝ «Արժանապատւութեան եւ դիմադրութեան կազմակերպում» խորագիրով: Երեկոյին ներկայ էին՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Սիփան Եպս. Քէչէճեանը, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ազգային մարմիններու անդամներն ու ժողովուրդ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ալիք»-էն։
Ծրագրի մեկնարկը տրուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնութեամբ նոյն օրը Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքէն պատկերներու ցուցադրումով: Այնուհետեւ, հաղորդավար Միգանուշ Տէր-Մարտիրոսեան ներկաները հրաւիրեց մէկ րոպէ յոտնկայս լռութեամբ յարգելու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն յիշատակը: Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ կայացած հանրահաւաքին, շեշտեց, որ անիկա ոչ թէ քաղաքական, այլ ժողովրդական համահաւաք եղած է եւ ընդգծեց, թէ հարկաւոր է ձեւաւորել համահայկական դիմադրութիւն ու մթնոլորտ՝ հայրենիքին սպառնացող բոլոր վտանգները կանխելու համար:
Այնուհետեւ, բանախօսական ելոյթով հանդէս եկաւ ազգային-հասարակական գործիչ Վրէժ Շիրւանեան: Ան իր խօսքի սկզբնական բաժինով հակիրճ անդրադարձաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ հայրենիքին եւ հայութեան նպաստող կարեւորագոյն գործունէութեան՝ յատկապէս շեշտելով այդ շարանէն վերջինը՝ ազգային դիմադրութեան կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանքները եւ ըսաւ. «Այսօր եւս նկատի առնելով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան լրջագոյն խնդիրները, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ Հայաստանի իշխանութեան բացայայտ եւ գուլիսային համաձայնութիւններուն յարուցած վտանգներն ու անդառնալի հետեւանքները, ձեւաւորած է ազգային դիմադրութիւն, կանխելու համար անձնատուական նոր գործընթացը, որ կրնայ յանգեցնել Հայաստանի թրքացման ու Արցախի հայաթափման»:
Այնուհետեւ, նշելով, որ այս համահաւաքի կազմակերպումը հերթական փաստն է սփիւռքի եւ հայրենիքի միասնականութեան ու համախմբուածութեան՝ Հայաստանի եւ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ, աւելցուց. «Անտարակոյս Նոյեմբեր 9-ը այսուհետեւ պիտի մնայ պատմութեան գրքին մէջ, իբրեւ սեւ էջ, ընդ որուն հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր ազնիւ զաւակներուն արեամբ ձեռք բերած յաղթանակները, ազատագրուած Արցախի 75 տոկոսը՝ ձգելով շուրջ 5000 զոհ, 10000 հաշմանդամ եւ տասնեակ հազար անօթեւաններ: Ցաւալի իրողութիւն, որուն հետ դեռ կախուած են բազմաթիւ ինչուներ, հարցադրումներ, ինչու չէ նաեւ տրամաբանական կասկածներ»:
Ապա, բանախօսը հերթաբար նշեց անցնող երեք տարիներուն ընթացքին ՀՀ իշխանութեան վարած ոչ հայրենանպաստ քաղաքականութիւններն ու ժողովուրդին տուած կեղծ խոստումները, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքները եւ այն սպառնալիքները, որոնք ներկայ դրութեամբ վտանգի տակ կը դնեն Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը:
«Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը առանց ոեւէ մէկուն հետ խորհրդակցելու, շրջանցելով ՀՀ սահմանադրութիւնը, միանձնեայ որոշումով, բանակը 15 քիլոմեթր ետ քշած է Հայաստանի սահմաններէն, տուած է Շուշին ու Հադրութը, Սոթքի մէկ մասը, Շուրնուխի կէսը, Գորիս-Կապան ճանապարհի 21 քիլոմեթրը, ի՞նչ երաշխիքներ կան, որ վաղը նոր զիջումներու չի դիմեր կամ պաշտօնապէս չի ճանչնար այժմեան սահմանները: Այսօր Նիկոլ Փաշինեանը որդեգրած է քաղաքականութիւն մը, առ այն, որ յանձնէ այն ամէնը, ինչ կ՝ուզեն թուրքերն ու ազրպէյճանցիները եւ ամբողջ պատասխանատւութիւնը դնէ Ռուսիոյ վրայ, իսկ ինքը շարունակէ իշխանութեան ղեկին մնալ»,- ընդգծեց Վրէժ Շիրւանեան։
«Թէ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ նստածները ի՞նչ որոշումներ պիտի կայացնեն, չափազանց կարեւոր է ու օրհասական. թէ բանակցութիւններու սեղանին ո՞վ նստած պիտի ըլլայ մեր կողմէն, կրկնակի կարեւոր է: Տա Աստուած, որ նոր զիջումներու եւ նոր պարտուածութիւններու ականատեսը չըլլանք … Փաշինեանի վարչապետ մնալու ամէն օրը կը վճարուի Հայաստանի Հանրապետութեան հաշուին՝ մեր երկրի ինքնիշխանութեան, արժանապատւութեան եւ ապագայի հաշուին»,- նշեց բանախօսը:
Աւարտին ցուցադրուեցաւ «Հայաստան դաշինք»-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանի պատգամի տեսանիւթը՝ ուղղուած Նոր Ջուղայի համահաւաքի մասնակիցներուն:
«Ողջ հայութիւնը 30 տարի է, որ ամէն ինչ դրած է յանուն Արցախի, եւ Արցախի Հանրապետութիւնը արդիւնքն էր այդ 30-ամեայ պայքարին, որմով կը հպարտանայինք բոլորս: Մինչեւ այդ դաւադիր հարուածը, որ կոտրեց բոլորիս մէջքը»,- ըսաւ Մանուկեան:
Անդրադառնալով անցնող մէկ տարուան ընթացքին հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ իրականացուող դիմադրութեան զանազան ակտերուն, ըսաւ. «Դիմադրութիւնը պէտք է դառնայ համաժողովրդական. ամէն ոք պէտք է իրեն համարէ դիմադրութեան ղեկավար: Հայաստանի պարագային պէտք է փորձենք համոզել մոլորութեան մէջ գտնուող մեր հարեւաններն ու մերձաւորները: Պէտք է մոլորուած մտքերէն հանենք այդ կեղծ հաւատքն ու թոյնը… Պէտք է դիմագրաւենք Արցախի հայաթափման, քանի որ առանց հայ բնակչութեան Արցախը այլեւս Արցախ չէ: Իրականութեան մէջ համահայկական այս դիմադրութիւնը, որ նոր թափ պէտք է ստանայ գալիք օրերու, շաբաթներու եւ ամիսներու ընթացքին, նաեւ դիմադրութիւն է յանուն տարածաշրջանի կայունութեան եւ տարածաշրջանին մէջ թշնամական նոր երեւոյթներու բացակայութեան»:
«Վստահ եմ, որ այս դիմադրական շարժումը թափ պիտի ունենայ. միայն իւրաքանչիւր ոք պէտք է մաս դառնայ այս համահայկական դիմադրութեան»,- ընդգծեց ան:
