
Սփիւռքի ՀՅԴ Կառոյցները Կը Միանան Դիմադրութեան Շարժման
Նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգային լրջագոյն խնդիրները, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ՀՀ իշխանութիւններուն բացայայտ եւ գուլիսային համաձայնութիւններու յարուցած վտանգներն ու հնարաւոր անդառնալի հետեւանքները` ՀՅԴ կառոյցը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, Նոյեմբեր 8-9 կը կազմակերպէ ցոյցեր` իբրեւ զօրակցութիւն Հայրենիքի մէջ ձեւաւորուող ազգային դիմադրութեան՝ ընդգծելով Հայրենիքի, Սփիւռքի միասնականութիւնը, համախմբուածութիւնը Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցով.
ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը 2021 թ. Նոյեմբեր 7-ին կը կազմակերպեն բողոքի հաւաք եւ քայլարշաւ դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն:
ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէս, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց, Նոյեմբեր 9-ին, կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` յաջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժման:
ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ, Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցչութեան դիմաց, Նոյեմբեր 9-ին, կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` յաջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժման:
ՀՅԴ-ի, Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ Դիմադրութեան շարժման կողմէ Գանատայի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն դիմաց, Նոյեմբեր 9-ին, կը կազմակերպուի հաւաք` յաջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժման` ընդդէմ Հայաստանի թրքացման:
«Հաւաք մեր հողերու յանձնման դէմ, Երկուշաբթի` ժամը 18:00-ին Փարիզի մէջ ՀՀ դեսպանատան դիմաց։ Ըսենք Ո՛Չ մեր հողերու յանձնման, Ո՛Չ նոր համաձայնագրի ստորագրման…»,– նշուած է ՀՅԴ Ֆրանսայի կառոյցի պաշտօնական էջի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ, Կլենտէյլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան դիմաց, Նոյեմբեր 9-ին, կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` յաջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժման։
ՀՅԴ ԱՄՆ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ, Չիքակոյի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութեան դիմաց, Նոյեմբեր 9-ին, կը կազմակերպուի զօրակցութեան հաւաք` յաջակցութիւն հայրենիքի մէջ ձեւաւորուած Դիմադրութեան շարժման:
(շարունակելի)