Դաւիթ Չալոյեանը Յաղթեց Ազրպէյճանցի Բռնցքամարտիկին եւ Հասաւ Եզրափակիչ

Աշխարհ, Հայաստան

Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ ընթացող բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան, այսօր իրականացան կիսաեզրափակիչ մարտերը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։

Հայաստանէն առաջինը պայքարի մէջ մտաւ գերծանր քաշային Դաւիթ Չալոյեանը, որուն մրցակիցը Եւրոպայի երիտասարդներու կրկնակի ախոյեան, ազրպէյճանցի Մահամատ Ապտուլաեւն էր: Մեր բռնցքամարտիկը բոլոր երեք խաղերուն գերազանց մենամարտեցաւ եւ տարաւ վստահ յաղթանակ՝ 5:0: Չալոյեան հասաւ եզրափակիչ, ուր պիտի վիճարկուի աշխարհի ախոյեանի կոչումը: