Հայկական Տառարուեստը Ներառուած է UNESCO-ի Մարդկութեան Ոչ-նիւթական Մշակութային Ժառանգութեան Ցուցակին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Ճանաչել Զիմաստութիւն Եւ Զխրատ, Իմանալ Զբանս Հանճարոյ»․ Սողոմոնի առակներէն այս նախադասութիւնը հայոց այբուբենով գրուած առաջին նախադասութիւնն էր: Հայաստանի մէջ UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովի Facebook-ի պաշտօնական էջը կը տեղեկացնէ, որ հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները ներառուած են UNESCO-ի Մարդկութեան ոչ -նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցուցակին մէջ:

1992-էն ի վեր Հայաստան կ’անդամակցի UNESCO-ին եւ առաջին անգամ ներկայացուցած է իր թեկնածութիւնը՝ անդամակցելու UNESCO-ի Գործադիր Խորհուրդին 2021-2025 ժամանակաշրջանին: