«Դրախտի Դարպասը» Ֆիլմը Օնթարիոյի Միջազգային Փառատօնին Յաղթող Ճանչցուած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» ֆիլմը Օնթարիոյի միջազգային փառատօնին յաղթող ճանչցուած է 4 անուանակարգերու մէջ՝ միջազգային խաղարկային ֆիլմի «Լաւագոյն ձայն», «Լաւագոյն երաժշտութիւն», «Լաւագոյն սենար» եւ «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ»։

Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Facebook-ի իր էջով կը յայտնէ, որ Ֆիլմին ցուցադրումը «Cinemas Guzzo»-ի մէջ երկարաձգուած է եւս մէկ շաբաթ։ Այժմ, մինչեւ Նոյեմբեր 4, ֆիլմը հասանելի է Մոնթրէալի մէջ, ամէն օր՝ ժամը 19:20-ին եւ 21:20-ին։

Այս բոլոր ցուցադրութիւնները պիտի նպաստեն «Վերածնուածը» ֆիլմի ստեղծման։ Դուք նոյնպէս կրնաք աջակցիլ` կատարելով նուիրատւութիւն հետեւեալ յղումով. https://igg.me/at/xkHKwaCdnjE/x/26665115