Հայաստանին Վերաբերող Բոլոր Որոշումները Թուրքիան Ազրպէյճանի Հետ Միասին Պիտի Ընդունի. Չաւուշօղլու

Աշխարհ, Հայաստան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն թրքական «CNNTurk»-ի ուղիղ եթերով անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով milliyet.com.tr-ը։

«Այս հարցերուն մէջ (Հայաստանի վերաբերեալ) Ազրպէյճանի հետ միասին կը խորհրդակցինք: Հայաստանէն ալ շատ դրական ուղերձներ կու գան: Մենք ըսած ենք, որ նոյն կերպով պիտի պատասխանենք այն դրական քայլերուն, որոնք Հայաստանը պիտի ընէ»,- մասնաւորապէս նշած է ան:

Չաւուշօղլուի խօսքով՝ Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ կը քննարկէ, թէ միասին ինչ քայլեր կրնան ընել:

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը, կրկնելով, թէ «Հայաստանը որեւէ դրական արձագանգ չէ տուած Ազրպէյճանի խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու կոչին», ընդգծած է, որ Թուրքիան իր բոլոր որոշումները պիտի ընդունի Ազրպէյճանի հետ միասին: