Վարնկաթաղի Հերոսներու Գործը Պիտի Շարունակուի. ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին

Հայաստան, Սփիւռք

44-օրեայ պատերազմի սանձազերծման լուրը ստանալուն պէս՝ ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան վաշտերը մէկը միւսին ետեւէն մեկնեցան Արցախ եւ մարտական առաջադրանք ստացան՝ պաշտպանելու անոր հիւսիսային սահմաններուն համապատասխան հատուածները:

Արցախի հիւսիսը գտնուող Վարնկաթաղ գիւղին յարող՝ ռազմավարական նշանակութեան բարձունքը նուաճելը եւ ատով իսկ հիւսիսային պաշտպանական գօտիին մէջ ճեղքում առաջացնելը թշնամիին համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունէր: ՀՅԴ «Կամաւորական շարժում» հասարակական կազմակերպութեան վաշտերու ազատամարտիկներուն բախտ վիճակուած էր իրենց վրայ վերցնելու Վարնկաթաղի գրաւման առաջին հուժկու հարուածները: Ռազմավարական նշանակութեան բարձունքի պաշպանութեան, իսկ այնուհետեւ՝ դէպի բարձունք ծաւալուած թշնամիին ուղղութեամբ ձեռնարկուած հակագրոհի ծանր եւ անհաւասար մարտերուն ընթացքին նահատակուեցան՝

  • Մհեր Յարութիւնեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտի հրամանատար)
  • Դանիէլ Թովմասեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Արշակ Մելիքեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Նարեկ Սահակեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Քրիստափոր Արթինը  (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Գէորգ Հաճեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Աբրահամ Բարնջեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Վիգէն Մուրատեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Տաւրոս Աբրահամեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Մանուկ Մարգարեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Յովհաննէս Պետրոսեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Երուանդ Թադեւոսեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Մանուկ Թորոսեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Գոռ Սարգսեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Արման Խաչատրեանը (ՀՅԴ կամավորական 2-րդ վաշտ)
  • Կարէն Բադալեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Ալպերթ Խառատեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Արայիկ Մկրտչեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Սուրէն Յովսէփեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Ալիկ Մկրտչեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Սուրէն Վանցեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Արկադի Իսրայէլեանը (ՀՅԴ կամաւորական 2-րդ վաշտ)
  • Տիգրան Ասատրեանը (ՀՅԴ կամաւորական 1-ին վաշտ)
  • Արկադի Միսկարեանը (ՀՅԴ կամաւորական 1-ին վաշտ):

Արցախի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան ու արիութեան համար նահատակ 24 հայորդիներէն Մհեր Յարութիւնեան պարգեւատրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի, Քրիստափոր Արթինը, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշաններով, իսկ մնացեալ 22-ը՝ Արցախի Հանրապետութեան «Արիութեան համար» մետալներով:

Վարնկաթաղի հերոսական դիմադրութեան շնորհիւ թշնամին չկարողացավ ճեղքել Արցախի հիւսիսային պաշտպանական շրջագիծը եւ ծաւալուած շարք մը ուղղութիւններով: Վարնկաթաղի՝ ռազմավարական նշանակութեան բարձունքը այսօր Արցախի պաշտպանութեան անփոխարինելի պատուարներէն է, միեւնոյն ժամանակ անփոխարինելի հենարան՝ Մարտակերտի շրջանի գրաւուած հատուածներու ազատագրման համար:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը, վերստին խոնարհուելով Վարնկաթաղի մէջ նահատակուած հայորդիներու պայծառ յիշատակի առջեւ, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն ու հարազատներուն:

Վարնկաթաղի հերոսներու գործը պիտի շարունակուի:

Փա՛ռք Հայրենիքի զինուորներուն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմին

06.10.2021 թ.