«Հայաստան» Խմբակցութիւնը 10,740,000 ՀՀ Դրամ Փոխանցած է Արցախի Քերոլայն Քոքսի Անուան Վերականգնողական Կեդրոնին

Հայաստան

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու պարգեւավճարը ամբողջութեամբ փոխանցուած է Արցախի Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին: Այս մասին «Հայաստան» խմբակցութիւնը տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ կ՝ըսուի.

««Հայաստան» խմբակցութիւնը նախապէս յայտարարած էր, որ պետական, քաղաքական պաշտօններ ունեցողներուն պարգեւատրում տրամադրելու` ակնյայտ անհամաչափ եւ հասարակական-տնտեսական այս բարդ պայմաններուն մէջ խայտառակ փորձը անընդունելի է:

Յայտնած էինք, որ այս հարցով պիտի նախապատրաստուի Սահմանադրական դատարանին հասցէագրուած դիմում: Կը տեղեկացնենք, որ այս ընթացքին քննարկուած էր նաեւ պատգամաւորներուն 250,000 դրամ փոխհատուցման վճարի տրամադրման մասին վերջերս ընդունուած օրէնքի խնդիրը:

Իբրեւ արդիւնք` արդէն մշակուած է պարգեւատրումներու եւ պատգամաւորներուն յատկացուող 250,000 ՀՀ դրամ փոխհատուցման վճարին վերաբերեալ ՍԴ դիմումը եւ պատգամաւորներու 1/5-րդի ստորագրութիւններու պատրաստ ըլլալուն պէս պիտի մուտքագրուի Սահմանադրական դատարան:

Կը յայտնենք նաեւ, որ ՀՀ Անկախութեան 30-ամեակին առիթով տրամադրուած պարգեւավճարներուն գումարը ամբողջութեամբ՝ 10,740,000 դրամ, «Հայաստան» խմբակցութիւնը փոխանցած է Արցախի մէջ զինուորներու համար գործող՝ Քերոլայն Քոքսի անուան վերականգնողական կեդրոնին»։

Կեդրոնը իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորներուն՝ մարդասիրական այս օգնութիւնը տրամադրելու համար։