
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Խաչքար-Յուշարձան՝ Փասատինայի Մէջ
Կիրակի, 12 Սեպտեմբերը յատուկ օր մըն էր, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ եւ Փասատինայի գաղութին համար։
Առտուան պաշտամունքին ընթացքին, եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեան անդրադարձաւ Խաչվերացի տօնին եւ շեշտեց Քրիստոսի Խաչին եւ իւրաքանչիւր հայորդիի ուղղուած Անոր պատգամին կարեւորութիւնը։
Ապա խուռներամ ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը եւ այնտեղ վեր. Մկրտիչեան անդրադարձաւ 1915ի Ցեղասպանութեան, Տէր Զօրի կիզիչ անապատներէն Աստուծոյ հրաշագործութեամբ վերապրողներուն, Խաչի պատգամին եւ թէ ինչպէ՛ս քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուած մեր հայրերն ու մայրերը հասան Փասատինա եւ հիմնեցին առաջին հայկական եկեղեցին Փասատինայի մէջ, եւ որպէսզի նոր սերունդը չմոռնայ անցեալը ու չմոռնայ մեր պապերու հողերը եւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, անոնք եկեղեցին անուանեցին Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցի։
«Եւ այսօր, շարունակելով անոնց ժառանգը եւ նկատի ունենալով խաչին կարեւորութիւնը, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կը կատարենք բացումը եւ նուիրումը Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքար-յուշարձանին, զոր նուիրեց եկեղեցւոյ նուիրեալ անդամներէն եւ Հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ բարերարուհի Անայիս Տէրեան Պուլղուրճեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ ուսուցիչ եւ տնօրէն Արամ Պուլղուրճեանի եւ ի յարգանք 1915ի Ցեղասպանութեան նահատակներուն եւ անոնց յիշատակը յաւերժացողներուն», նշեց եկեղեցւոյ հովիւը, որ ապա կատարեց խաչքարի նուիրման յատուկ աղօթքը։
«Հայր Մեր»ի երգեցողութենէն, Օրհնութեան աղօթքէն եւ «Կիլիկիա» մաղթերքի երգեցողութենէն ետք, ժողովուրդը համախմբուեցաւ եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։
Ահաւասիկ Ցեղասպանութեան նուիրուած Խաչքար յուշարձան մը եւս աւելցաւ աշխարհի միւս յուշարձաններուն կողքին եւ բոլորս կանչուած ենք՝ հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու սրբազան կտակին՝ յիշելով, յիշեցնելով եւ պահանջելով Աստուածային արդարութիւն։
Յիշենք թէ Ցեղասպանութեան նուիրուած խաչքարը պատրաստուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ գործն է Երեւանի Գեղարուեստի Պետական ակադեմեայի շրջանաւարտներէն՝ քանդակագործ Զաքար Պալումեանի, իսկ յուշարձանը՝ ճարտարապետ Միքայէլ Եուսուֆեանի։
Հայ Կիլիկիա Աւետարանական Եկեղեցի