Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Արամ Մանուկեանի Պրոնզաձոյլ Կիսանդրին

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ Սեպտեմբեր 30-ին, տեղի ունեցաւ մեծանուն քաղաքական գործիչ, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշակոթող-կիսանդրիին բացումը։ Նախաձեռնութեան եւ քանդակի հեղինակը գանատահայ քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեանն է։ Քաղաքական գործիչին պրոնզաձոյլ արձանը տեղադրուեցաւ կեդրոնի նախասրահին մէջ՝ խորհրդանշական հատուած մը, ուր ամէն օր ելումուտ կ՝ընեն հարիւրաւոր երիտասարդներ։ Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան՝ արժեւորելով Արամ Մանուկեանի կերպարն ու գործունէութիւնը, ըսաւ․ «Դժուար է թերագնահատել այն դերը, որ ունեցած է Արամ Մանուկեանը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծման գործին մէջ։ Եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանը, չըլլային անոր ժամանակակից նուիրեալ գործիչները՝ չէինք ունենար Առաջին Հանրապետութիւնը, Խորհրդային Հայաստանը, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Արամ Մանուկեան իր ողջ կեանքին ընթացքին, անկախ անկէ, թէ ուր գործած է եւ ինչ հանգամանքներու մէջ, մշտապէս հանդէս եկած է իբրեւ լաւ կազմակերպիչ՝ ըլլայ Պաքուի մէջ, Կարսի, Վանի, թէ՝ Երեւանի։ Ան իր որակական յատկանիշներով կրցած է փայլուն արդիւնքներ արձանագրել իր ողջ գործունէութեան ընթացքին»։

«Այս կեդրոնին մէջ տեղադրուած կիսանդրին պրոնզաձոյլ արձան է, բայց այստեղ մտնող երիտասարդները, անոր ձգած անմեռ յիշատակի, կտակի դիմաց, վառ պիտի պահեն անոր անմար ջահը, որ տարիներ շարունակ ՀՅԴ ներքոյ աշխատող բոլոր ղեկավարները, ընկերները ամենուրէք՝ Հայաստանէն մինչեւ արտերկիր վառ պահեցին եւ պիտի պահեն, որպէսզի գալիք օրերը պայծառանան Արամ Մանուկեանի լուսահոգի, լուսադէմ եւ լուսապայծառ ծրագրերով եւ աւանդով»,- իր խօսքին մէջ ըսած է քանդակագործ Յակոբ Ճամպազեան։