
Առաջին Անգամ Թուրք Բարձրաստիճան Պաշտօնեայի Կողմէ Յայտարարուած է 44-օրեայ Պատերազմին Անգարայի Անմիջական Մասնակցութեան Մասին
Թուրքիայէն աննախադէպ խոստովանութիւն հնչած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 44-օրեայ պատերազմին Անգարայի անմիջական ռազմական միջամտութեան մասին: Անոր հեղինակը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսնակ Իպրահիմ Քալընն է: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, գրած է Regionmonitor-ը:
Թրքական «Haber Global» լրատուականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ Քալըն անդրադարձած է նաեւ 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր Անգարայի դերակատարման:
Բացի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ յաղթանակի մասին աւանդական դարձած արտայայտութիւններէն, որոնց մէջ կ՝ընդգծուին թուրք-ազրպէյճանական իւրայատուկ յարաբերութիւնները, եղբայրութիւնը, «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» տրամաբանութեամբ գործելու հանգամանքը, Քալըն ըրած է նաեւ այլ հետաքրքրական դիտարկում մը:
Ան նշած է, որ «Ղարաբաղի մէջ յաղթանակը այլ կարեւոր նշանակութիւն մըն ալ ունի Թուրքիոյ ԶՈւ տեսանկիւնէն: Անոր մեկնաբանութեամբ՝ 2016թ. Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք, երբ բանակէն հեռացուեցան կիւլենականները, շատեր կ՝ըսէին, որ թրքական բանակը այլեւս նախկին ներուժը չի կրնար վերագտնել, սակայն, տեղի ունեցաւ լրիւ հակառակը: ԹՀ ԶՈւ-երու «մաքրման» շնորհիւ անիկա ազատուեցաւ իր հիւանդութիւններէն եւ վերադարձաւ իրական պարտականութիւններունն, որուն առաջին արդիւնքը Սուրիոյ մէջ արձանագրուած ռազմական յաջողութիւններն էին:
Թուրքիոյ ԶՈւ-երը 2-րդ յաջողութիւնը արձանագրած են Լիպիոյ մէջ, երբ իրենց միջամտութեան իբրեւ արդիւնք փոխուեցաւ զարգացումներուն ընթացքը:
«Մեր 3-րդ միջամտութիւնը Ղարաբաղի յաղթանակն է: Մեր ԶՈւ-ի, ԱԳՆ-ի եւ հետախուզութեան շատ լաւ համակարգման եւ մեր նախագահի ճկուն առաջնորդութեան իբրեւ արդիւնք այսպիսի մեծ յաջողութիւն արձանագրեցինք»,-եզրափակած է Քալըն:
Վերոնշեալէն կարելի է փաստել, որ թրքական կողմէն պաշտօնական մակարդակով առաջին անգամ բացայայտ կերպով կը յայտարարուի 44-օրեայ պատերազմին Թուրքիոյ ուղիղ ռազմական միջամտութեան մասին: Պատերազմէն անմիջապէս ետք յաղթանակը սեփականաշնորհելու կամ կիսելու միտուած յայտարարութիւններ եղած են թէ՛ թուրք պաշտօնեաներու, թէ՛ իշխանամերձ մամուլի կողմէն: Թէ՛ պաշտօնեաները, թէ՛ մամուլը միշտ խօսած են Ազրպէյճանին տրուած քաղաքական, դիւանագիտական, բարոյական, հասարակական, քարոզչական աջակցութեան մասին: Իսկ պաշտօնական մակարդակով ռազմական ուղիղ ներգրաւուածութեան մասին նման ուղիղ խօսքով խոստովանութիւններ չեն հնչած: