«Արցախի Պարտէզներ» Կիրակնօրեայ Շուկան՝ Կլենտէյլի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած պաշտօնական բացումէն ի վեր, Կլենտէյլի Հանրային Կեդրոնական գրադարանին դիմացը գտնուող պարտէզին մէջ սկսած է գործել «Արցախի Պարտէզներ» կիրակնօրեայ շուկան, քաջալերելու համար հայկական արտադրութիւններու վաճառքը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ասպարէզ»-էն։

Նախաձեռնութեան համահիմնադիրները` Լիլիթ Պաղտասարեան եւ Հիլտա Աւանէսեան, ի մի բերած են մօտաւորապէս 30 վաճարորդներ, որոնք իրենց վաճառքէն գոյացած շահին մէկ մասը կը տրամադրեն Հայաստանին օժանդակող բարեսիրական նպատակներու:

Շուկան բաց է ամէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 9-էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2, իսկ հասցէն է` 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205-1017:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել կայքէջը, կամ դիմել (818) 823-5863 թիւին: