
Մոմավառութեան Երթ Դէպի Բաղաբուրջի Եղբայրական Գերեզմանատուն. ՀՅԴ Կապանի Երիտասարդական Խումբ
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցին առիթով՝ ՀՅԴ Կապանի երիտասարդական խումբը, Սեպտեմբեր 27-ին, ժամը 19։00-ին, նախաձեռնած է մոմավառութեան երթ դէպի Բաղաբուրջի եղբայրական գերեզմանատուն։ Երթը սկիզբ պիտի առնէ Հունանի խաչմերուկէն։
«Ասիկա յիշատակման ու պայքարի երթ է, որմով եւ պէտք է ներկայացնենք, որ չենք հարմարած Արցախի կորուստին եւ, որ մեր հողային պահանջները անսակարկելի են…
Սիրելի Սիւնեցի երիտասարդ, ասիկա քու երթդ է, միացիր եւ վառէ քու մոմդ յանուն վաղուան լուսաւորութեան»,- նշուած է ՀՅԴ Կապանի Երիտասարդական խումբի տարածած յայտարարութեան մէջ։