Յունաստանի Մէջ Բողոքի Ցոյց՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Սպառնալիքներուն ու Յարձակողականութեան Դէմ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, ժամը 19։00-ին, Արցախի 44-օրեայ ծանր պատերազմէն մէկ տարի անց, Աթէնքի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն եւ յարձակողականութեան դէմ բողոքի ցոյց պիտի իրականացնէ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութիւնը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ազատ Օր»-էն։

Նոյն օրը, ժամը 20։00-ին, Թէսաղոնիկէի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի իրականացուի հաւաք։