
Եթէ Մեր Անասնապահներէն Մէկը Կորսուի՝ Խոստացած Ենք Ամբողջ Ազրպէյճանական Շարասիւնը Ոչնչացնել․ Անդրանիկ Չաւուշեան
Մենք կ՝ուզենք մնալ խաղաղ բնակիչ, այնպէս չընեն, որ չարացնեն մեզի։ Yerkir.am-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած է Քաշաթաղի Աղաւնօ համայնքի համայնքապետ, ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ Անդրանիկ Չաւուշեան՝ պատասխանելով Հայաստանը Արցախի հետ կապելու այլընտրանքային ճանապարհ կառուցելու եւ Աղաւնոյի տարածքը ազրպէյճանցիներուն զիջելու խօսակցութիւնններու մասին հարցին։
«Այն փուլին չենք ենթարկուած, չենք լսած՝ դուրս չենք եկած գիւղէն, երկրորդ փուլին ալ պիտի չի լսենք։ Մենք պատահական չէ, որ այստեղ ենք։ Մենք այն ժամանակ ալ ըսած ենք՝ դուք ձեր բանակցութիւնները փոխեցէք՝ չկայ թուղթ, որ չեղեալ չհամարուի։ Ճանապարհը այլ տեղէ․․․ մենք խաղաղ բնակիչներ ենք, ձգեցէք մնանք խաղաղ բնակիչ»,- ըսած է Աղաւնոյի համայնքապետը։
Կարմիր գիծեր կան, որ պէտք չէ անցնին՝ փաստած է ան։
Երբ ունենանք իշխանութիւն, պիտի որ մտահոգուի Հայաստանը Արցախին կապող բնակեցուած շէնք գիւղերը պահելու հարցով, նկատած է Անդրանիկ Չաւուշեան, բայց չունինք իշխանութիւն։
Իսկ թուրքի ախորժակը անվերջ է․ տանք-տանք մինչեւ ե՞րբ տանք։ Թուրքը, ըսաւ, երկար պիտի ապրի, եթէ թուրքի դէմ չգործես։
«Դարձած ենք մագնիսի նման, գաղափարն է մագնիսը, ուժեղ մետաղները կու գան մագնիսին շուրջ, հիմա ժողովուրդը միացած է, կը գիտակցի այս ամէնը։ Պարզ է, որ մենք այստեղ ենք՝ խանգարող յանգամանք ենք ազրպէյճանցիներուն համար, կար ժամանակ, որ Արցախը պարիսպ էր, հիմա փշալար է»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։
Ազրպէյճանցիները ճանապարհներ կը փակեն, հայկական կողմը ընդամէնը յայտարարութիւններ կ՝ընէ՝ մտահոգ ըսած է ան։
Ազրպէյճանցիներու շարասիւնը, ռուսերու ուղեկցութեամբ, յաճախ կ՝անցնի Աղաւնոյի մօտէն․ կը նկարեն, լաւ կ՝ընեն, ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան, թող նկարեն, որ տեսնեն՝ այստեղ լեցուն մարդ կայ, կ՝ապրինք, շէն ենք։
Արցախի ընդհանուր տարածքի նման Աղաւնոյի մէջ ալ նոյն կենցաղային խնդիրներն են՝ ջուրի, ելեկտրականութծեան սղութիւն․ համայնքապետը ըսած է, թէ կը փորձեն ապահովել ջուրի երկրորդ ակունքով, եթէ պէտք ըլլայ՝ երրորդով։
«Կապ չունի Աղաւնոյի փոքր ըլլալը, ռազմավարական դիրքն է կարեւոր։ Մենք մեր ժողովուրդի արեան գնով կը չափենք երկիրը, ոչ թէ մեթր քառակուսիով»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։
Դպրոցը աշխոյժ կը գործէ․ 30 աշակերտ Աղաւնոյէն կայ, 21-ն ալ Բերձորէն։ Հիմա կը բաշխենք բնակավայրերը․ ընտանիքներ կան, որ Արցախի բռնագրաւուած բնակավայրերէն եկած են, կը կահաւորեն, կ՝ապրին թափուր մնացած տուներու մէջ։
«Մենք մեր ընկերներէն պակաս չենք, մեր բախտը չի բերաւ՝ ողջ մնացինք, որ ողջ մնացած ենք, պարտաւոր ենք ուր արիւն թափուած է՝ քրտինք թափել»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։
Պատերազմի թէժ շրջանին, երբ տեսած է, որ գաղթողները տուները կը վառեն, յիշած է 1990-ականները, երբ ազրպէյճանցիները այդպէս ըրին ու ալ չի վերադարձան։ Ըսած է՝ կ՝երթաս, երեխադ կը տանիս, տունդ թող այդպէս մնայ, որ պայքարդ մէջդ չմեռնի, որ վերադառնալու բան մը ունենաս։
«Ես կը մտածեմ, որ վաղը երեխաս մեծնայ, պիտի ըսէ՝ ձեր 90-ականներու նախնիները ձեզի տուին վառ ջահ՝ հայրենիք, ձեր մէջ տղամարդ չկա՞ր, որ պահէր, ես պիտի ըսելիք ունենամ երեխայիս։ Աւելի լաւ է, որ զոհուէինք՝ իրենք հպարտանային մեզմով, քան ապրէինք ու ամչնային»,- ըսած է ան։
Աղաւնոյի մէջ իրենց ապրելով՝ կ՝աշխուժանայ Ազրպէյճանի խորքը, վստահ է Անդրանիկ Չաւուշեան, կ՝ըսէին՝ Սիւնիք հասած ենք, բայց դեռ կայ Աղաւնոն։ Կ՝ըսէ՝ եկէք, մենք հիւրասէր ենք, կրնանք նաեւ թէյ հիւրասիրենք։
«Մենք զգուշացուցած ենք ռուսական զօրքը՝ եթէ մեր թէկուզ անասնապահներէն մէկը կորսուեցաւ՝ խոստացած ենք ամբողջ ազրպէյճանական շարասիւնը ոչնչացնել, մէկը հարիւրի դիմաց։ Մեզմէ թող վազ անցնին, ուր կ՝ուզեն երթան։ Շատ խօսած են, որ մենք խաղաղ բնակիչներ ենք, եթէ այդ կը համարէք խաղաղասէր, ես խաղաասէր չեմ։ Մենք ամէն ինչ տեսանք՝ մեր ընկերներու զոհուիլը, չենք հաշտուիր այդ ամէնուն հետ, տեղէ մը պիտի դուրս գայ չէ՞։ Մենք սկսած ենք մոռացկոտ ըլլալ՝ թուրքը նոյն վայրագն է, յարձակողն է, անմարդկայինն է, միայն կռուի ուժը կը հասկնայ, պէտք է խիստ ըլլաս»,- ըսած է Անդրանիկ Չաւուշեան։
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Փաշինեանի պէս բան մը դարձած է, նկատած է Չաւուշեան, ամէն օր եթեր կը մտնէ, live-եր կը մտնէ, ոչ ղեկավարի կերպարով։ Հիմա պէտք է ժողովուրդը զարթնի։
Մնացած է այդքան Աղաւնոն, ու բոլորին կ՝ոգեւորէ։ Այժմ մանկապարտէզ կը կառուցեն։
Գիւղի կողքին ըլլալը նաեւ մարդկային շփումն է․ ատիկա եւս պէտք է։ Այլ մտահոգութիւններու հարցով մարդ կը հրաւիրեն, որ իրենց աչքով տեսնեն։
Կռիւը, պայքարը մարդը աւելի կը խանդավառէ, ուժ կու տայ՝ ըսած է ան։
«Վիրաւոր մայր է ըսենք, երկիրը, պիտի փրկենք, ցաւը տանինք, տաքցնենք․․․ այսինքն, մենք մեր մօրը կը լքենք, մեր սրբութիւններէն հեռացած ենք, մէկ հատ չափալախ պէտք է մեզի, որ զարթնինք այդ վախէն, այդ զոմպիացած վիճակէն, այդ թմրած վիճակէն, հասկնանք՝ ինչ կ՝ուզենք»,- ըսած է Աղաւնոյի համայնքապետը։
Մենք ալ գացող ենք, նշած է Անդրանիկ Չաւուշեան, բայց հայրենիքը պիտի մնայ, մենք գալիք սերունդին սիւներ պարտաւոր ենք, որ այդ սիւներուն վրայ երկիր կառուցեն, մենք ունինք բանակ, ազգն է բանակը, ընդամէնը կազմակերպել պէտք է։
Ամբողջական հարցազրոյցը՝ տեսանիւթով․