«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամի Իրականացուցած Ծրագրերը Արցախի Մէջ
Յուլիս 29-ին, «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի իրականացուցած ծրագրով, Արցախի Մարտունի շրջանի Հերհեր համայնքին մէջ տեղի է ունեցաւ նորակառոյց համայնքապետարանի շէնքի բացումը, ուր կը գործէ նաեւ համայնքի դարմանատունը: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Այս առթիւ, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, Հերհեր համայնքի ղեկավար Արման Ալեքսանեանը տեղեկացուց, թէ նախկին դարմանատան շէնքը կը գտնուէր կիսափուլ վիճակի մէջ եւ այլեւս հնարաւոր չէր որեւէ աշխատանք իրականացնել: «Համայնքապետարանի շէնքը շատ մեծ էր, բայց մենք ստիպուած էինք մեր գործունէութիւնը ծաւալելու միայն երկու աշխատասենեակի մէջ եւ մեզի անհրաժեշտ էր ունենալ շէնքային նոր ու բարուոք պայմաններ: Ի հարկէ, անգնահատելի է «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի կատարած աշխատանքը. պատերազմէն ետք, երբ քարը քարի վրայ կը դրուի, ժողովուրդին մէջ մարտական ոգին ալ աւելի կը բարձրանայ»,- աւելցուց ան։

Միւս կողմէն, քսանամեայ Կարէն Գրիգորեանը, որ Արցախեան վերջին պատերազմին վիրաւորուած էր Վարանդայի մէջ, օժտուեցաւ բնակարանով մը։
«Առողջական վիճակիս պատճառով ես չէի կրնար ապրիլ մեր նախկին բնակարանին մէջ: «Թիւֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին շնորհիւ մեր նոր բնակարանը ապահովուած է բոլոր յարմարութիւններով, որպէսզի կարենամ այստեղ ապրիլ: Անչափ շնորհակալ եմ հիմնադրամին իրենց բարի գործերուն, ոչ միայն ինծի, այլ նաեւ մեր բոլոր վիրաւոր եղբայրներուն, կարիքաւոր ընտանիքներուն բնակարանով ապահովելու համար»,- յայտնեց Գրիգորեան, որ այս տարի անվճար պայմաններով պիտի շարունակէ իր համալսարանական ուսումը Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանէն ներս։ Իր մասնագիտութիւնն է իրաւաբանութիւն։
Կարէնի հայրն ալ, Սպարտակ Գրիգորեանը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց։



