Հայ-ազրպէյճանական Սահմանին Տեղի Ունեցող Միջադէպերը Սպառնալիք Են ՀԱՊԿ Անդամ Հայաստանի Անվտանգութեան. Զաս

Աշխարհ, Հայաստան

ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի կարծիքով՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանային խնդիրի քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն, եւ անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները այդ ուղղութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսիա ձեւաչափով:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սդանիսլավ Զասը ըսած է Արարատի զօրամաս կատարած այցին ժամանակ՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ ի՞նչ առաջարկներ մշակած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը սահմանային իրավիճակի կարգաւորման վերաբերեալ եւ ինչո՞ւ կազմակերպութիւնը, այնուամենայնիւ, յստակ եւ պարզ գնահատական չի տար հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերուն վերաբերեալ:

Գլխաւոր քարտուղարի խօսքով՝ հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը մշտապէս կը գտնուի ՀԱՊԿ-ի տեսողութեան դաշտին մէջ:

«Մենք կազմակերպուած մշտադիտարկում կ՝իրականացնենք, նաեւ՝ հայկական պետական կառոյցներուն օգնութեամբ: Ի հարկէ, մենք կը կարծենք, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցող այն միջադէպերը, որոնց մասին կը խօսիք, սպառնալիք կը ներկայացնեն ՀԱՊԿ-ի պատասխանատւութեան Կովկասեան տարածաշրջանի եւ, ի հարկէ, նաեւ կազմակերպութեան անդամ Հայաստանի անվտանգութեան համար: Եթէ խօսինք խնդրի լուծման ուղիներուն մասին՝ մենք կը կարծենք, որ այս իրավիճակի քաղաքական կարգաւորման հնարաւորութիւնները սպառած չեն, եւ իրականութեան մէջ ատիկա ամենալաւ տարբերակը պիտի ըլլար բոլորին համար»,- ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը:

Սյանիսլաւ Զասը նշուած նիւթին վերաբերեալ կարեւոր կը համարէ աշխատանքային այն ձեւաչափը, որ ուրուագծուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ՝ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ: Այդ իսկ պատճառով, ըստ գլխաւոր քարտուղարին, ՀԱՊԿ-ի բոլոր գործողութիւնները կը բխին իրավիճակի այդպիսի ընկալումէն:

«Մենք լրջօրէն անհանգստացած ենք, որ վերջերս բախումները սահմանին վրայ շատցած են եւ կը նկատուի անմիջականութիւն: Ատիկա չի նպաստեր նշուած աշխատանքները սկսելուն: Եւ բացի այդ, ատիկա կը դժուարացնէ անկիւնաքարային այն համաձայնութիւններու կատարումը, որոնք ձեռք բերուած են Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներուն միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան դադրեցման եւ այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղիներ փնտռելուն վերաբերեալ: Կ՝ակնկալենք, որ բոլոր կողմերը պիտի հասկնան ատիկա եւ քայլեր ձեռնարկեն տարաձայնութիւնները քաղաքական ճանապարհով լուծելու համար»,- աւելցուցած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը: