Ստեփանակերտի Մէջ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Լիզպոն 5-ի Յիշատակին

Հայաստան, Սփիւռք

Հ.Յ.Դ. Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի Յուլիս 27-ին, Սուրբ Աստուածամօր Յովանու մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Լիզպոն 5-ի եւ բոլոր նահատակներու յիշատակին: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Ապառաժ»-էն։

38 տարի առաջ, օրուան պայմաններուն մէջ այդ իրաւունքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային ճանաչումի հրամայականին եւ անկէ բխած նաեւ անմիջականօրէն իբրեւ հետեւող առաջադրանք` հողային պահանջատիրութեան: Լիզպոնի ռումբերը պայթեցան ըստ էութեան հայրենիք յղացքի առարկայացման, իրականացման տեսլականին համար: Այդ անսակարկելի համազգային իրաւունքը անտեղիտալի եւ անդառնալի որոշում մըն էր:

Այդ տեսլականի իրացման գործնական աշխատանքները ծայր առին Լիզպոնի հերոսական գործողութենէն միայն հինգ տարի ետք: 1988-ին հայ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի շարժումը ծայր առաւ Ստեփանակերտէն: Կրկին ու կրկին իրաւունքի խնդիր էր, որուն համար անտեղիտալի որոշում կու տար այս անգամ արցախահայութիւնը: Մարդկային իրաւունք` ինքնապաշտպանուելու պահանջք, ինքնորոշուելու մոլուցք, հայոց պատմական հայրենիքի տարածքը ազատագրելու մարմաջ:

Լիզպոնի հերոսներուն՝ Արային, Սիմոնին, Սագոյին, Վաչէին եւ Սեդրակին տեսլականը ձեւ ու մարմին կը ստացաւ արցախեան հայրենիքի ազատագրումով, ինքնորոշման, անկախացման, հանրապետութիւն ունենալու իրաւունքներու առարկայացումներով:

Լիզպոնի սխրանքը ուղղուած էր բոլոր տեսակի իրաւազրկումներուն դէմ: Հետզհետէ նուաճումներ արձանագրուեցան իրաւունքներու վերատիրացման պահանջատիրական երթի ընթացքին, մինչեւ Սեպտեմբեր 27-ի պատերազմը: