Հայաստան եւ Հայութիւն Միջազգային եւ Ներազգային Խնդիրներու Ուռկանին Մէջ (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարդու գերագոյն գնահատանքը այն չէ, թէ ո՞ւր կը գտնուի ան բարեկեցութեան պայմաններու մէջ, այլ ո՞ւր կը գտնուի մարտահրաւէրներու եւ տարակարծութիւններու պահերուն:

Մարթէն Լութէր Քինկ

            9 նոյեմբեր 2020ի եռակողմ Յայտարարութենէն ի վեր, որ Հայաստանի պարտութիւնը ամրագրեց 44օրեայ պատերազմի դադարեցումով, Թուրքիա-Ազրպէյճան յաղթանակով եւ շրջանին մէջ Ռուսիոյ տիրակալի դիրքի վերահաստատեց, կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կորսնցուցինք երեսուն տարուան ընթացքին քայլ առ քայլ եւ դժուարութեամբ ձեռք բերուած յաջողութիւնը:

            Պատերազմի ընթացքին կրկին եւ կրկին բարձրաձայնելէ ետք, թէ՝ «յաղթելու ենք», գտնուեցանք անփառունակ պարտութեան մէջ, որուն բոլոր հետեւանքները դեռ յայտնի չեն: Ամէն օր նոր անկնակնկալներ կան: Հայաստան եւ սփիւռք, այս հարց պէտք է ըլլայ, ապագայի կողմնորոշումներուն համար: Պէտք է լսել Իլհամ Ալեւի սպառնական յայտարարութիւնները:

21 սեպտեմբեր 1991էն ի վեր, որքան որ կարելի էր, եւ կը թոյլատրէին շրջապատը եւ միջազգային ուժերը, Հայաստան, հակառակ բարդ կացութեան, փորձեց հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ, ուզեց այդ ընել նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրամիութեան հետ: Բայց ունէր անլոյծ եւ բարդ խնդիրներ դրացի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ. Արցախի ինքնորոշում եւ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում:

            Այս հարցերը միջազգայնացած են, բազմաթիւ երկիրներ դիրքորոշուած են այդ հարցերով: Կարգ մը երկիրներու վերաբերումը Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան պահպանման հարցով, քաջալերանք եղաւ թուրք-ազերի յարձակապաշտութեան: Ռուսիա լուծում չթելադրեց, գոհացաւ միջնորդի դերով, երբ կրնար, որպէս նախկին տիրակալ եւ սահմաններ գծած իշխանութիւն, հաշտեցման տարազ մը գտնել եւ պարտադրել: Խորհրդային Միութեան ներքին սահմանները որոշուած էին Մոսկուայի կողմէ: Հարց է, թէ հակամարտութեան լուծումը ձեռնտո՞ւ էր Ռուսիոյ, թէ՞ առիթ՝ իր ազդեցութիւնը պահելու խորհրդային նախկին երկու հանրապետութիւններուն վրայ: Ռուսիա շարունակած էր զէնք վաճառել ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ Ազրպէյճանի, ինչ որ կը շեշտէր անոնց իրմէ կախուածութիւնը:

            Եղած են եւ կան երկիրներ, որոնք Հայաստանի հանդէպ լաւ տրամադրուած են, աշխարհի այդ շրջանին մէջ՝ իրենց քաղաքական շահերով: Հայկական համայնքները նաեւ դեր ունեցած են եւ ունին Հայաստանի հետ դրական յարաբերութիւններ ունենալու գործին մէջ: Այդ անուրանալի է, օրինակ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Իրանի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի պարագային: Նուազ համեմատութիւններով ուրիշներ ալ, ինչպէս Հոլլանտան, Ուրուկուայը, Արժանթինը, եւայլն: Բայց կարգ մը դիրքորոշումներ չեն կրնար բաւարարութիւն տալ բոլոր «բարեկամներու»: Այդ պատահեցաւ երբ Խրիմի թերակղզին կցուէցաւ Ռուսիոյ, Հայաստան ընդունեցաւ այդ եւ Եւրոպան հաշտ աչքով չդիտեց այդ կեցուածքը:

            Յիշեցում մը. Հայաստան Ռուսիոյ հետ ունի զինուորական գործակցութեան համաձայնագիր, մինչեւ 2059, որ կը նախատեսէ Հայաստանի բոլոր սսահմաններու պաշտպանութիւնը ռուսական բանակին կողմէ: Հայաստանի մէջ կան ռուսական զինուորական խարիսխներ, ուր տեղադրուած են ռազմական օդային ուժեր: Գիւմրիի ռուսական խարիսխը ամրացուցած է:

2018ի իշխանափոխութենէն ետք, Հայաստան շրջադարձ կատարեց, փորձեց հեռանալ նախկին իշխանութիւններու ռուսամէտ քաղաքականութենէն, նոյնիսկ հեռանալ Եւրասիական միութենէն: Հետագային ուզեց վերականգնել կապերը, յիշեցնելով երկու երկիրներու դարաւոր բարեկամութիւնը: Նկատի պէտք է ունենալ, որ Ռուսիա կը բնակին երկու միլիոնէ աւելի հայեր (բաղդատել Հայաստանի երեք միլիոնին), որոնք իրենց ընտանեկան պարագաներուն դրամական առաքումներ կ’ընեն:

            Մխիթարական պարգեւը այն է, որ Արցախի մեծ մասը ազրպէյճանական գրաւման ենթարկուելէ ետք, Ստեփանակերտի շուրջ մնացած հողակտոր մը կը թուի փրկուած ըլլալ, եթէ իրատեսութեամբ եւ յոռետեսութեամբ չհարցնէք՝ «մինչեւ ե՞րբ»: Ռուսական զօրքի պաշտպանութեան համար ի՞նչ գին պիտի վճարուի: Իլհամ Ալիեւ չէ հրաժարած Արցախի այդ վերջին հատուածէն եւ այդ կը կրկնէ:

11 յունուար 2021ին, Ալիեւ եւ Փաշինեան գացին Մոսկուա, Փութինի հրաւէրով, որպէսզի մնայուն խաղաղութեան յանգին, երեսուն տարուան հակամարտութենէ ետք: Օրակարգ էր 9 նոյեմբեր 2021ի յայտարարութեան այն կէտը, որ կը վերաբերէր հաղորդակցութիւներու, ճանապարհային հարցերու, որոնք սպառնալիք են Հայաստանի տարածքային ինքնիշխանութեան եւ ամբողջականութեան:

            Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու համար վաղուան մտահոգութիւն է Թուրքիոյ Կովկաս մուտքը, որ կը սպառնայ նաեւ Ռուսիոյ հեղինակութեան:, որուն մատոյցներուն հաստատուած են թրքական օդուժ եւ բանակ: Ռուսիա իրապէս անկարո՞ղ է կասեցնելու իր դէմ ուղղուած թրքական թափանցումը:

            Սկզբունքով, Հայաստան եւ Ռուսիա դաշնակից են: Բայց Հայաստանի Ռուսիայէն հեռանալու եւ Արեւմուտքի մօտենալու փորձերը, բնական էր որ դժգոհութիւն պիտի պատճառէին Ռուսիոյ: Իսկ Ազրպէյճան հակառուս արտայայտութիւններ չունեցաւ, մօտենալով հանդերձ Արեւմուտքի:

            Այս կացութեան մէջ Հայաստան-Թեհրան կապերը մնացին ամուր: Թհրանի համար Հայաստանը դէպի Եւրոպա բաց դուռ էր, նոյնիսկ՝ պզտիկ, եւ Ռուսիոյ հետ կապերու ամրացման միջոց: Իսկ շրջափակուած Հայաստանի համար Իրանը բաց դուռ էր, որուն համար ալ Արաքսի կամուրջը կառուցուեցաւ, հաստատուեցաւ օդային կապ:

44օրեայ պատերազմին Իրան մնաց չեզոք, ուզեց ըլլալ միջնորդ, հակառակ Իրանի մեծաթիւ ազերի բնակչութեան: Երկու երկիրները կը համագործակցին, Իրանէն բնական կազ կը ստանայ Հայաստան, որ ելեկտրականութիւն կը մատակարարէ Իրանի: Հայաստան կան շուրջ 8000 իրանցի եւ 100.000նոց հայկական համայնք կայ Իրան:

44օրեայ պատերազմին Թուրքիա բացորոշ կերպով աջակցեցաւ նախայարձակ Ազրպէյճանի: Թրքական F-16 օդանաւը Ազրպէյճանէն վերադարձող հայկական զինուորական օդանաւը մը խորտակեց: Ընդգծենք, որ պատերազմի ընթացքին   Իսրայէլ հանդիսացաւ Ազրպէյճանի առարկայական դաշնակից, հակառակ ներքին քննադատութիւններու եւ 375 միլիոն տոլարի արդիական զէնք վաճառեց Ազրպէյճանի:

            Գոհունակութեամբ պէտք է նշել, որ Հայաստան դրական քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններ ունի Չինաստանի եւ Հնդկաստանի հետ դաշնագիրներով հաստատուած տնտեսական արդիւնաւոր համագործակցութիւն, որոնց զարգացման հետեւանքով անոնք կրնան դառնալ դաշնակից:

            Հայաստան տնտեսական հզօրութիւն չունի, իր ընդերքի հարստութիւնը զինք չի դարձներ մեծերու գործընկեր: Ան ինքնիրեն չի կրնար թոյլ տալ խարխափումներ, վարել անհեռատես եւ սիրողական քաղաքականութիւն: Պէտք է իրականացնէ ներքին միութիւն-համագործակցութիւնը եւ սփիւռքի կարողականութիւնը, նիւթական, քաղաքական եւ քարոզչական, օգտագործէ իմաստութեամբ, չբաւականանայ անոր իր կողմէ սահմանուած բարեսիրական եւ նիւթական դերով:

            Երէկ, այսօր եւ վաղը, ղեկավարութիւնները, ներսը եւ դուրսը, ուժերը եւ կարողութիւնները իմաստութեամբ պէտք է համադրեն եւ ծառայեցնեն Հայաստանի վերակագնումին եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման:

            Ինչո՞ւ չմտածել, առանց այլ վերագրումներու, ո՛չ դասական, եւ ո՛չ ալ ջոջական, Համահայկական Խորհրդատուական Իմաստուններու Խորհուրդի մը մասին, բաղկացած պատրաստուած, փորձ ունեցող, կողմնապաշտ կիրքերէ զերծ, մեր պատմութեամբ եւ մշակոյթով դրոշմուած անձնաւորութիւններէ:

            Այս մարտահրաւէր է, իմաստուն աշխատանք, զոր ոչ ոք պիտի ընէ մեր փոխարէն: Պիտի ընենք մենք, առանց յաւելեալ իրաւունքի, այլ յաւելեալ պարտքի գիտակցութեամբ: Այսօ՛ր: Կրկնելով. վաղը միշտ ուշ է: Այս տիրացուական քարոզ չէ: