
Սպասողական Վիճակը Որքան Երկարի, Այնքան Վատ Երկրի Համար. ՊԵԿ Նախագահը՝ Ընտրութիւններուն Մասին
ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Դաւիթ Անանեան համաձայն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն տեսակէտին հետ, որ ներդրումներ ընելու համար գործարարները կը սպասեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Գործարարութիւնը սպասողական դիրքեր կը գրաւէ այնտեղ, ուր քաղաքական առումով կայուն վիճակ չէ, եւ կը սպասէ, թէ քաղաքական ինչպիսի հանգուցալուծումներ պիտի ըլլան: Այնպէս որ ճիշդ է վարչապետի տեսակէտը միանշանակ: Սպասողական վիճակը որքան երկարի, այնքան վատ երկրի համար, ասիկա իբրեւ տնտեսագէտ կ՝ըսեմ: Որքան կարճ այդ ժամկէտը, այնքան լաւ տնտեսութեան համար»,- ըսած է ՊԵԿ նախագահը՝ կառավարութեան նիստէն առաջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: