ՀՀ Վարչապետը Շնորհակալութիւն Յայտնեց Պաշտօնազրկուած Նախարարներուն

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան՝ պաշտօնազրկուած «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ ՀՅԴ կուսակցութիւնները ներկայացնող անդամներուն, համատեղ աշխատանքի եւ համագործակցութեան համար:

«Գիտէք, թէ ինչի հետ կապուած է ատիկա: Վերջին օրերու քաղաքական իրադարձութիւնները տեղի ունեցած են բոլորի աչքին առջեւ եւ եղած են հրապարակային: Կ՝ուզեմ նախկին նախարարներուն շնորհակալութիւն յայտնել համատեղ աշխատանքին համար: Այդ որոշումները կայացուած են քաղաքական յայտնի իրադարձութիւններուն բերումով եւ կ՝ուզեմ մեր բոլոր գործընկերներուն յաջողութիւններ մաղթել եւ իմ լաւագոյն մաղթանքները յղել անոնց»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ նոյնը կը վերաբերի մարզպետներուն, որոնց վերաբերեալ հանրայնօրէն համաձայնութիւններ եղած են: