
Սուրիոյ Մէջ Ամերիկեան Ներկայութիւնը Ապօրինի կը Համարուի. Մուալլէմ
Հոկտեմբեր 1-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար, փոխվարչապետ Ուալիտ ալ Մուալլէմ վերահաստատեց, որ սուրիական հողերուն վրայ ԱՄՆ-ի ապօրինի ներկայութիւնը ներխուժում կը համարուի՝ շեշտելով որ ԱՄՆ մօտօրէն դուրս պիտի գայ այդ տարածքներէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Մուալլէմ «Ռուսիա Այսօր» պատկերասփիւռին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Թանաֆ շրջանը գտնուող ամերիկացիները կը մարզեն ՏԱՀԵՇի զինեալ ահաբեկչական անդամները եւ զանոնք կը վերապատրաստեն անգամ մը եւս սուրիական բանակին դէմ կռուելու համար. անոնց նպատակն է սուրիական տագնապը երկարաձգել՝ ի նպաստ Իսրայէլի:
Սուրիական-իրանեան յարաբերութեան ակնարկելով Մուալլէմ ըսաւ. «Սուրիական-իրանեան յարաբերութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ եւ Սուրիոյ մէջ իրանցի խորհրդատուներու ներկայութիւնը, համաձայն Սուրիոյ պետութեան պահանջքին, օրինաւոր կը համարուի»:
Իտլիպի շուրջ համաձայնութեան անդրադառնալով Մուալլէմ յայտնեց, որ ան դրական քայլ կը նկատուի սուրիական պետութեան հողային տարածքները իր վերահսկողութեան տակ պահելու իմաստով՝ աւելցնելով, որ պետութեան արդար իրաւունքն է այլ միջոցներու եւս դիմել՝ երկրին բոլոր տարածքները իր վերահսկողութեան տակ առնելու համար:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, ահաբեկիչները Թուրքիոյ միջոցով Իտլիպ հասան, նոյն ճամբով ալ պիտի վերադառնան:
Հարցազրոյցին ընթացքին, Մուալլէմ յայտնեց, որ Եփրատի արեւելեան շրջանի վտանգին աղբիւրը ամերիկեան գործօնն է եւ ԱՄՆ-ի ռազմական զօրակցութիւնը սուրիական ժողովրդավարական ուժերուն: Անոր համաձայն, ԱՄՆ նոյնիսկ կը ջանայ սուրիական պետութեան հետ այդ ուժերուն բանակցութիւնը խոչընդոտել:
«ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն բանագնաց Սթեֆան տի Միսթուրայի ընթացքը չէզոք չէ: Եթէ չէզոք ըլլար, մենք սահմանադրական յանձնախումբի մը հետ գործ կ’ունենայինք այս ընթացքին, սակայն ցարդ նման յանձնախումբի մը շօշափելի աշխատանքը չենք տեսներ, պատճառն ալ միջազգային փոքր այն խմբակն է, որ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենայ այս յանձնախումբի աշխատանքի ընթացքին վրայ», ըսաւ ան:
Սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձին ակնարկելով Մուալլէմ յայտնեց. «Կոչ կ’ուղղենք արտասահմանի բոլոր սուրիացի տեղահանուածներուն Սուրիա վերադառնալ եւ իրենց երկրի վերականգնումի աշխատանքներուն մաս կազմել»:
Մուալլէմ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ներկայ իրավիճակը «դրական» համարեց՝ աւելցնելով որ. «Միջազգային եւ արաբական գետնի վրայ դրական մթնոլորտ կը տիրէ Սուրիոյ զարգացումներուն գծով»: Ապա դիտել տուաւ, որ ՄԱԿ-ի վեհաժողովներուն մասնակցող պատուիրակութիւնները դադրեցան Սուրիոյ մասին խօսելէ, իսկ ան որ կը խօսի դրականօրէն կ’արտայայտուի: Նկատել տալով, որ սա լաւ յառաջխաղացք կարելի է համարել:
Մուալլէմ տեղեկացուց նաեւ, որ «S-300» հրթիռներու համակարգերը, զորս Ռուսիա Սուրիոյ պիտի յանձնէ, պաշտպանական համակարգեր են: Անոնք պիտի ծառայեն սուրիական օդային տարածքը արտաքին գրոհներէ պաշտպանելու: Ուստի, մտահոգուելու կարիք չկայ, անոնք խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատելու կոչուած համակարգեր են, ոչ թէ պատերազմ հրահրելու՝ աւելցնելով, որ Սուրիա երախտապարտ է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին Սուրիոյ «S-300» հրթիռներու համակարգերը յանձնելու որոշումին համար. Վերջապէս պէտք է ըմբռնել, որ ռուս-սուրիական համագործակցութիւնը արմատային փոփոխութիւն կրեց՝ քաղաքական եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ:
Երկուշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2018-ին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը Նիւ Եորքի մէջ «Ալ Մայատին» պատկերասփիւռի կայանի թղթակիցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին վերջին փուլը կ’ընդգրկէ Իտլիպի եւ Հալէպի հիւսիս արեւելեան գիւղերուն ազատագրումը՝ հասնելու մինչեւ Մունպուճ եւ Եփրատի արեւելեան շրջան:
Մուալլէմ յայտնեց, թէ բոլոր կողմերը համոզուած են, որ Սուրիա ներկայիս ահաբեկչութեան դէմ իր պատերազմի վերջին փուլը կը բոլորէ: