«Անյապաղ Լքել ՀՀ Տարածքը». ՀՀ ՊՆ-ն Կը Պնդէ՝ Խնդիրը Պիտի Լուծեն Ցանկացած, Ներառեալ՝ Ուժի Կիրառման Տարբերակով
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը կը մեղադրէ Մայիս 24-26 Ազրպէյճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու մարտական դիրքերը գնդակոծելու համար։ Այս մասին նշուած է ՀՀ ՊՆ յայտարարութեան մէջ։
«Ակնյայտ է, որ այդ հաղորդագրութիւնը վերջին օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ իրականացուած սադրանքները եւ Մայիս 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Գէորգ Խուրշուտեանի սպանութեան փաստերը կոծկելու հերթական, խղճուկ փորձն է։
Ի դէպ, յատկանշական է, որ ըստ հաղորդագրութեան, հայկական կողմը արդէն երեք օր է, որ կը գնդակոծէ ազրպէյճանական դիրքերը, սակայն Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը միայն այսօր որոշում կայացուցած է խօսելու այդ մասին։
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ ազրպէյճանական դիրքերը գնդակոծուած են նաեւ Արցախի մէջ, Շուշիի ուղղութեամբ։ Արցախի Հանրապետութեան մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող ՌԴ զօրախումբի հրամանատարութենէն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան յայտնած են, որ այդ ուղղութեամբ կրակոցներ նոյնպէս չեն եղած։ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ զինուած ուժերը, նշուած օրերուն, Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ուղղութեամբ որեւէ կրակոց չէ արձակած։ Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը վերստին կը շեշտէ, որ բացարձակ անթոյլատրելի են Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն հանդէպ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները եւ կը պահանջէ անյապաղ լքել ՀՀ տարածքը, հակառակ պարագային իրաւունք վերապահելով խնդիրը լուծելու ցանկացած, ներառեալ նաեւ ուժի կիրառման տարբերակով»,- նշուած է ՊՆ յայտարարութեան մէջ։
