
ՊՆ 10 Զինծառայող Միջին եւ Թեթեւ Վնասուածքներով Տեղափոխուած է Գորիսի ԲԿ. Սիւնիքի Մարզպետարան
Երէկ, Մայիս 20-ի գիշերը, 10 զինծառայող տեղափոխուած է Գորիսի բժշկական կեդրոն՝ միջին եւ թեթեւ վնասուածքներով: Սիւնիքի մարզպետարանէն, ըստ Tert.am-ի, տեղեկացուցած են, որ Գորիսի բժշկական կեդրոնէն անոնք տեղափոխուած են զինուորական հիւանդանոցներ:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ-ն աւելի կանուխ յայտնած էր, որ Մայիս 20-ի երեկոյեան Սեւ լիճի մերձակայքը հայ եւ ազրպէյճանցի զինուորականներու միջեւ տեղի ունեցած է վիճաբանութիւն, որ հարթուած է վերադաս հրամանատարութեան ջանքերով։
Նշենք, որ այդ վիճաբանութեան տեսանիւթերը լայնօրէն տարածուած էին համացանցով, իսկ նախարարութիւնը յորդորած էր ձեռնպահ մնալ այդ տեսանիւթերու տարածումէն՝ մեկնաբանելով, որ անոնք որեւէ կերպով չեն օգներ խնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման եւ կը նպաստեն լարուածութեան անհարկի աւելացման։