Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Սխալ եւ Անխոհեմ Կ՝որակէ ԱՄՆ Պետ. Քարտուղարութեան Խօսնակին Յայտարարութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը անդրադարձած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Պրայսի գրառումին եւ պետական քարտուղարութեան դիրքորոշումը սխալ ու անխոհեմ համարած է:

«ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Պրայս կը կրկնէ Իլհամ Ալիեւին. ան վստահաբար կը փոխանցէ Պաքուի պնդումը «Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին ոչ գծանշուած հատուածի» մասին:

Ինչպէս նաեւ` պետական բաժինը կը կրկնէ այն կարծիքը, թէ հայ ռազմագերիները իրականութեան մէջ ոչ թէ ռազմագերիներ են, այլ աւելի ճիշդ «կալանաւորուածներ», որոնք դուրս կը մնան միջազգային մարդասիրական պայմանագիրներու պաշտպանութենէն:

Նաեւ կրկնուած է պետական բաժինի կեղծ հաւասարակշռութիւնը` յարձակողական Ազրպէյճանին արհեստականօրէն հաւասարեցնելով Հայաստանին- Արցախին` յարձակումի թիրախին»,- ըսուած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութեան մէջ: