Տիգրան Ուրիխանեանի Խօսքով՝ Ինքը Համաձայնութիւն Չէ Տուած ԱԺ Կանոնակարգ Օրէնքին Մէջ Փոփոխութեան Նախագիծին Այն Տեսքով, Որմով Անիկա Դրուած է Քուէարկութեան

Հայաստան

«Ալեանս» կուսակցութեան նախագահ, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան պարզաբանում ներկայացուցած է «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքի նախագիծին քուէարկութեան վերաբերեալ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Տիգրան Ուրիխանեան յայտարարութիւն տարածած է, նշելով, որ ինքը համաձայնութիւն չէ տուած այն տեսքով նախագիծին, որ դրուած է քուէարկութեան:

«Քուէարկութեան վերաբերեալ տարածուած տեղեկատւութիւնը ճիշդ չէ: Ես կը գտնուիմ Ս. Փեթերզպուրկ, նախօրէին գրութիւն ձգած եմ հետեւեալ նախագիծին կողմ ըլլալու մասին: Այդ պահուն նախագիծին մէջ եղած է միայն այսքանը (Ուրիխանեան հրապարակած է իրեն ներկայացուած նախագիծին մէջ տեղ գտած հատուածը, որ ներկայացուած է ստորեւ- Խմբ.), թէ ինչ աւելցուած է յետոյ, չեմ գիտեր: Կը կրկնեմ՝ գրութիւնս վերաբերած է միայն հետեւեալին: Կամ ասոր բացատրութիւնը կը տրուի ԱԺ-ի կողմէ, կամ վերադառնալուն պէս, ես առաջինը վար կը դնեմ իրաւագիրը՝ այդ իսկ վայրկեանէն սկսելով ու պահանջելով ԱԺ-ի լուծարումը, որուն միշտ կողմ յայտարարած եմ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տիգրան Ուրիխանեան հրապարակած է իրեն ներկայացուած նախագիծին մէջ տեղ գտած հատուածը. «Հիմնական զեկուցող Արփինէ Յովհաննիսեանի տեղեկութիւններով՝ կ՝առաջարկուի օրէնքի 22-րդ յօդուածը լրացնել նոր պարբերութեամբ: Ըստ այդմ՝ պաշտօնատար անձեր, որոնց պաշտօնները նշուած են օրէնքին մէջ, պարտաւոր պիտի ըլլան ներկայանալու ՀՀ ԱԺ քննիչ յանձնաժողովի նիստին եւ տալու բացատրութիւններ, պատասխանելու յանձնաժողովի անդամներու հարցերուն նաեւ այն պարագային, եթէ պաշտօնազրկուած են»:

Նախապէս կը նշուէր, որ «ԱԺ կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքի 60-րդ յօդուածի 5-րդ մասին համաձայն՝ Ազգային ժողովին կողմէ գործուղման մեկնած ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Խոսրով Յարութիւնեան, Կորիւն Նահապետեան, Հերմինէ Նաղտալեան, Կարէն Պէքարեան, Արման Սաղաթելեան եւ Տիգրան Ուրիխանեան հարցի քուէարկութեան վերաբերեալ իրենց որոշումներուն մասին գրաւոր տեղեկացուցած են Ազգային ժողովի նախագահը:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 2-ին, ԱԺ-ի մէջ երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունուած է ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Արփինէ Յովհաննիսեանի, Վահրամ Պաղտասարեանի եւ Անդրանիկ Յարութիւնեանի հեղինակած «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» օրէնքին նախագիծը: Նախագիծին մէջ կը սահմանուի՝ «Եթէ հարցի քննարկման համար չի ապահովուիր` պայմանաւորուած արտակարգ իրավիճակներով, ինչպէս նաեւ երբ կը խոչընդոտուի, պատգամաւորներու մասնակցութիւնը Ազգային ժողովի նիստին, ներառեալ՝ սպառնալիքի միջոցով, ուստի Ազգային ժողովի նիստը կը համարուի ընդհատուած, որուն վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահը հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ: Այդ պարագային նիստը կը գումարուի յաջորդ օրը ժամը 10։00-ին:Նիստը ընդհատելու սոյն կէտով նախատեսուած կանոնները կը կիրառուին նաեւ վերսկսած նիստին նկատմամբ»: