Դեկտեմբերին Տեղի Պիտի Ունենան ԱԺ Արտահերթ Ընտրութիւններ. ՀՀ Վարչապետ

Հայաստան

Այս տարուան Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին, Հոկտեմբեր 2-ին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք պէտք է արձանագրենք, որ վերջին զարգացումներէն ետք, 2018 Դեկտեմբերին, ՀՀ-ի մէջ տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները: ՀՀ-ի մէջ հաստատուած է ուղիղ ժողովրդավարական իշխանութիւն: Եթէ պարզուի, որ ես վարչապետի կարգավիճակով ժողովուրդի ներկայացուցիչը չեմ, ուրեմն ընտրութիւններ չեն կայանան, եթէ պարզուի, որ ես վարչապետի կարգավիճակով ժողովուրդի ներկայացուցիչն եմ, ուրեմն ընտրութիւնները կը կայանան»,- շեշտած է վարչապետը:

Անդրադառնալով խորհրդարանական քանի մը ուժի կողմէ ԱԺ կանոնակարգ օրէնքի փոփոխութեան ուղղուած քայլերուն, վարչապետը նշած է, որ անոնք միտումնաւոր կ՝ըլլան:

«Հիմա, եթէ հարց է` հակայեղափոխութիւն կայ, թէ չկայ, կրնանք պաշտօնապէս արձանագրել, որ ՀՀ-ի մէջ կայ հակայեղափոխութիւն, եւ Հայաստանի մէջ հակայեղափոխական են այն ուժերը, որոնք պաշտպանած են եւ կը փորձեն պաշտպանել այդ նախագիծը. Ինծի կը հաւաստիացնեն, որ ատիկա 3 քաղաքական ուժերու կողմէ ներկայացուած նախագիծ է: Այն պատգամաւորը, որ կ’աջակցի այդ նախագիծին, ինքը կ՝ուզէ, որ փտածութեան նախագիծը հասնի վրէժխնդրութեան՝ կառավարութեան նկատմամբ, մենք, բնականաբար, ատիկա չենք արտօներ»,- նշած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ հանդիպած է նաեւ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանի հետ ու անոր ներկայացուցած է ընտրութիւններու իրականացման շուրջ իր դիրքորոշումը: