
Հայաստան Եւ Արցախ Կ՛արձագանգեն Ալիեւի Արցախի Բռնագրաւուած Տարածքներ Այցելութեան
Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարները արձագանգեցին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Արցախի բռնագրաւուած տարածքները տուած այցելութեան՝ դատապարտելով հայկական դրոշմը վերացնելու անոր յանձնարարութիւնները եւ հակահայ դիրքորոշումները։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ դիտել կու տայ, որ Ալիեւ անձամբ յանձնարարած է իրեն ընկերակցողներուն՝ ջնջել միջնադարեան հայկական արձանագրութիւնները բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու պատերէն։
Նախարարութիւնը ղարաբաղեան տագնապի մնայուն լուծման վերաբերող շարունակական ջանքերուն նկատմամբ բացարձակ անյարգալից վերաբերմունք կը նկատէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած Հադրութի շրջանը՝ դիտել տալով, որ այս բոլորը Ատրպէյճանի հայատեաց եւ ռազմատենչ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ յետագայ յարձակողապաշտ ծրագիրներու մարմնաւորումն են:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Արցախի Հանրապետութիւնը բազմիցս տեղեկացուցած է միջազգային հանրութիւնը Ազրպէյճանի կողմէ պետական մակարդակով իրականացուող մշակութային ահաբեկչութեան, անոր ռազմական բռնագրաւման տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղասպանական ծաւալապաշտական քաղաքականութեան կոպտագոյն խախտումներու մասին:
«Այդ ցեղասպան քաղաքականութիւնը յանցագործութիւն է մարդկութեան դէմ, միջազգային չափանիշներու, դաշնագիրներու, բանաձեւերու եւ համաձայնագիրներու կոպիտ խախտում եւ սպառնալիք ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհի համար», կը շեշտէ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ կոչ ուղղելով համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու, որպէսզի կանխուի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ դատապարտուի Ատրպէյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը։ Նաեւ նախարարութիւնը կը զգուշացնէ, որ անտարբերութիւնն ու անգործութիւնը կրնան անկանխատեսելի հետեւանքներ ունենալ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛անդրադառնայ պատերազմի ամբողջ ընթացքին ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բացայայտ խախտումներով զանգուածային ոճրագործութիւններուն, որոնց կարգին ցեղային զտումներուն եւ արցախահայութեան դէմ պատերազմական յանցագործութիւններուն։
Ապա լուսարձակի տակ կ՛առնուի Հադրութի շրջանի՝ տասնեակ հազարաւոր բնակչութեան հայաթափման եւ հոն գերի առնաուած քաղաքացիներու նկատմամբ եղած հաշուեյարդարին:
«Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ Հադրութի շրջանին մէջ կատարուած յայտարարութիւնները կը բացայայտեն հայկական բնակավայրերու ոչնչացման եւ անոնց փոխարէն ազրպէյճանական բնակավայրեր ստեղծելու մտադրութիւնը, որ կը խախտէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթերը, որուն համաձայն տեղահանուածները պէտք է վերադառնան իրենց հայրենի օճախներ։ Անիկա կը փաստէ նաեւ, որ ազրպէյճանական վերահսկողութեան ներքոյ արցախահայութիւնը չի կրնար գոյատեւել։ Աւելին, իր ցեղական զտման քաղաքականութեան ծիրէն ներս Ազրպէյճանը կ՝իրականացնէ հետեւողական քայլեր՝ ուղղուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան վերացման ու իւրացման: Ներկայիս իր վերահսկողութեան տակ գտնուող Արցախի մշակութային յուշարձաններու ֆիզիքական ոչնչացման զուգահեռ Ազրպէյճանը ամենաբարձր մակարդակով ձեռնամուխ եղած է պատմական փաստերու կեղծման եւ հայ ժողովուրդէն կրօնական եւ մշակութային արժէքները օտարելու դատապարտելի փորձին: Այս նպատակին ուղղուած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի 17-րդ դարու հայկական եկեղեցիին՝ իբրեւ «աղուանական» ըլլալու եւ վերջինիս պատերուն առկայ հայատառ գրութիւնները «կեղծ» հռչակելու մասին՝ այսպիսով հող նախապատրաստելով հերթական վանտալութեան իրականացման համար: Յատկանշական է, որ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ վերոնշեալ եկեղեցին արդէն իսկ ենթարկուած է վանտալութեան, քանզի այնտեղէն հեռացուած են կրօնական խորհրդանիշները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յատկապէս մտահոգիչ կը նկատէ Շուշի քաղաքի Կանաչ ժամ ժողովրդական անունը կրող Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ աւերման փաստերու առկայութիւնը, ինչ որ կը հաստատէ, որ բոլորովին կեղծ է Ազրպէյճանի այն յայտարարութիւնը, թէ ինք պիտի պահպանէ քրիստոնէական պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ պատրաստ է համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ։ Այս առումով կոչ կ՛ուղղուի միջազգային հանրութեան, մասնաւորապէս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին՝ շուտով միջամտելու, որպէսզի տակաւին չաւերուած յուշարձաններուն փրկութիւնը ապահովուի։
«Արցախի խաղաղ բնակավայրերու, պատմամշակութային ժառանգութեան աւերման, հայ բնակչութեան ոչնչացման եւ անոնց փոխարէն ազրպէյճանական բնակավայրերու ստեղծման հիմքով ձեւաւորուելիք «խաղաղութիւնը» չի կրնար ըլլալ հաստատուն եւ տեւական։ Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը արդար եւ արժանապատիւ խաղաղութեան համար՝ սերտօրէն համագործակցելով միջազգային գործընկերներու հետ»,- եզրափակած է յայտարարութիւնը: