
ՀՀ Նախագահը Դեռ 1 Օր Ունի ԳՇ Պետը Պաշտօնանկ Ընելու Առաջարկը ՍԴ Ուղարկելու, Հակառակ Պարագային Օննիկ Գասպարեանը Կը Հեռանայ Պաշտօնէն
ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան դեռ 1 օր ժամանակ ունի, որպէսզի Սահմանադրական դատարան ուղարկէ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկը ԳՇ պետ Օննիկ Գասպարեանը պաշտօնէն հեռացնելու մասին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Yerkir.am-էն։
Եթէ այդ 1 օրն ալ անցնի եւ նախագահը չուղարկէ, Օննիկ Գասպարեանը իրաւունքի ուժով կը համարուի պաշտօնազրկուած։
«Այդ օրէնքը ոչ մէկ առնչութիւն ունի վարչապետի միջնորդութեան հետ։ Այդ օրէնքին ընթացքը, ճակատագիրը առկայ վէճի հետ որեւէ առնչութիւն չունի։ Վարչապետի առարկութիւնները ետ ուղարկելէ ետք՝ նախագահը 3 օր ժամկէտ ունի եւ եթէ 3 օրուան ընթացքին չի դիմէ ՍԴ, ԳՇ պետը կը համարուի պաշտօնազրկուած։ Ինչպէս ինքը կ՝ըսէ՝ «չեմ ստորագրեր», ատիկա հեքիաթ է, որովհետեւ ալ ոչ մէկը կը հարցնէ՝ կը ստորագրե՞ս, թէ՝ ոչ, իրաւունքի ուժով՝ վարչապետի միջնորդութիւնը ուժի մեջ կը մտնէ, ԳՇ պետը կը համարուի աշխատանքէ զրկուած»,- յայտնած է սահմանադրագէտը Վարդան Այվազեան։