
Էյֆէլեան Աշտարակը Լուսաւորուած է` Ի Յիշատակ Շառլ Ազնաւուրի
Փարիզի Էյֆէլեան աշտարակը լուսաւորուած է` ի յիշատակ աշխարհահռչակ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուրի, որ 94 տարեկանին հեռացաւ կեանքէն:
Ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ՛երեւի լուսաւորուած Էյֆէլեան աշտարակը, իսկ շրջակայքին կը հնչեն Շառլ Ազնաւուրի երգերը:
Տեսանիւթին կից կատարուած է հետեւեալ գրառումը. «էյֆէլեան աշտարակը լուսաւորուած է` ի յիշատակ Շառլ Ազնաւուրի»: