Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը կը Յայտնէ Շառլ Ազնաւուրի Ընտանիքին
Քիչ առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր նամակ մը յղեց Շառլ Ազնաւուրի ընտանիքին՝ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնը այս տխուր առիթով։
Ցաւակցագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց այն եզակի դերին, զոր Շառլ Ազնաւուր ունեցաւ միջազգային մակարդակի վրայ, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց Շառլ Ազնաւուրին բերած կարեւոր նպաստը հայ ժողովուրդի արդար դատին ճանաչման օտար շրջանակներէն ներս։ Բնականաբար, Հայրապետը նաեւ յիշեց մեծ երգիչին կարեւոր դերը Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն՝ անոր վերանկախացումէն ետք։
