Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Նահատակուած է

Հայաստան

Հոկտեմբեր 1-ին` ժամը մօտ 10:50-ին, Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, ծանր հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Գէորգ Սուրէնի Եարոյեանը:

Վիրաւորում ստացած զինծառայողը տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց, ուր ժամը մօտ 15:05-ին մահացած է:

Դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: