Արցախի Մէջ Հրադադարի Հաստատումէն Ի Վեր Ականի Վրայ 14 Ազրպէյճանցի Պայթած է
Արցախի մէջ հրադադարի մասին 2020 Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած եռակողմ համաձայնագիրէն մինչեւ այսօր Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ ականներու վրայ պայթած է 14 ազրպէյճանցի: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան տեղեկութիւնները:
Աղբիւրին համաձայն՝ անոնցմէ 5-ը զինուորական են, իսկ 9-ը՝ քաղաքացիական անձեր: Նոյն ժամանակահատուածին՝ ականներու պայթիւններուն հետեւանքով վիրաւորուած է 52 զինուորական եւ 8 քաղաքացիական անձ:
Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը այդ միջադէպերուն առնչութեամբ քաղաքացիները զգուշացուցած է խուսափելու իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ այցելելէ, քանի դեռ ամբողջութեամբ ականազերծում չէ եղած:
