Բժշկութեան Ասպարէզին Մէջ Նոպէլեան Մրցանակը յանձնուած է Քաղցկեղի Բուժման Նոր Միջոցներու Համար

Այլեւայլ, Աշխարհ

Բժշկութեան ասպարէզին մէջ 2018 թուականի Նոպէլեան մրցանակը շնորհուած է գիտնականներ Ճէյմս Ալիսընին եւ Թասուքօ Հոնճոյին, որոնք մշակած են քաղցկեղի ախտազերծման բուժման (Immunotherapy) նոր միջոց: Ռիա նովոսթիի հաղորդմամբ, այս մասին Երկուշաբթի Սթոքհոլմի մէջ յայտնած է Քարոլինայի բժշկական հիմնարկին առընթեր Նոպէլեան կոմիտէն:

Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, աւանդոյթի համաձայն, Դեկտեմբեր 10-ին: Այս տարի Նոպելեան իւրաքանչիւր մրցանակի արժէքը 9 միլիոն շուէտական քրօն է` շուրջ 940 հազար տոլար: