Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի ու Ազրպէյճանի Միջեւ Սահմանագծման Աջակցելու Հարցով Նամակ Յղած է ՌԴ Նախագահին

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման աջակցելու հարցով նամակ յղած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինին: Այս մասին կը հաղորդեն նախագահի գրասենեակէն։

Հայաստանի նախագահը նշած է, որ, ցաւօք, կողմերուն միջեւ դեռ կը պահպանուի նոր վէճերու ի յայտ գալու վտանգը՝ կապուած սահմանագծման հարցին հետ:

Հաշուի առնելով հարցին բացառիկ կարեւորութիւնն ու արդիականութիւնը՝ նախագահ Սարգսեան խնդրած է Ռուսիոյ նախագահէն՝ աջակցելու Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման գործընթացին եւ զայն աւարտին հասցնելուն՝ բացառելու յետագայ լարուածութիւնն ու բացասական զարգացումները: