Քաղաքացիական Անհնազանդութեան Ցոյցեր Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքին

Այլեւայլ, Հայաստան

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 8-ին, քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի կ՝ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով։ Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը։

13.13։ Այս պահուն ցոյց կ՝ընթանայ Արարատի մարզի Արտաշատ քաղաքին մէջ՝ մարզպետարանին դիմաց։

13.30։ Ցուցարարներու այլ խումբ մը այս պահուն Երեւանի Գրիգոր Լուսաւորիչ փողոցին վրայ է, անոնք կը շարժին դէպի Կառավարութեան շէնք։

13.32։ Այլ խումբ մըն ալ՝ Տիգրան Մեծի պողոտային վրայ է։

Իրադարձութիւններու զարգացման կրնաք հետեւիլ ուղիղ հեռարձակումով: