Forbes «Տաշիր» Ընկերութիւնը Ներառած է Ռուսիոյ 200 Ամենամեծ Մասնաւոր Ընկերութիւններու Ցանկին Մէջ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկեան յայտնի Forbes պարբերականը հրապարակած է Ռուսիոյ 200 ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւններու ցանկը, ուր յայտնուած է նաեւ ռուսաստանաբնակ հայազգի գործարար Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող  «Տաշիր» ընկերութիւնը:

Ինչպէս հաղորդում է «Արմենփրես»-ը, «Տաշիր» ընկերութիւնը  Ռուսիոյ 200 ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւններու ցանկին մէջ 48-րդն է:

Ըստ պարբերականի, «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի հասոյթը 2018-ին կազմած է 164 միլիառ ռուբլի: Ընկերութիւնը ունի 45.000 աշխատող:

Forbes-ի վարկածով Ռուսիոյ ամենամեծ մասնաւոր ընկերութիւնը «Լուքոյլ»-ն է, երկրորդը X5 Retail Group-ն է, երրորդը` «Սուրկութնեֆթէկազ»-ը: