
Իտալացի Երաժիշտը Արցախի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ստեղծագործութիւն Ներկայացուցած է
Իտալացի հանրայայտ աքորտիոնահար Մարիօ Ստեֆանօ Փիեդրոտարքին ներկայացուցած է Արցախին նուիրուած ստեղծագործութիւն:
Երաժիշտը կատարման տեսնաիւթը հրապարակած է Facebook-ի իր պաշտօնական էջին վրայ: Վոկալի համար ան շնորհակալութիւն յայտնած է երգահան Մարթին Ուլիխանեանին:
«Շնորհակալ եմ հրաշալի աղօթքին համար, որ նուիրած էք Արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին»,- շեշտած է Մարիօ Ստեֆանօ Փիեդրոտարքին: