Հայ-ամերիկեան Բուժքոյրերու Միութիւնը Կը Հաւաքագրէ Հայաստան Մեկնիլ Փափաքող Բուժքոյրեր

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայ-ամերիկեան բուժքոյրերու միութիւնը անմիջապէս արձագանգած է Սեպտեմբեր 27-ին սկսած արցախեան պատերազմին՝ հայենիքին տրամադրելով տարատեսակ օգնութիւն, ներառեալ՝ մասնագիտական: «Միութիւնը, Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութենէն ստացած է անհրաժեշտ աջակցութեան մասին տեղեկութիւններ, եւ անմիջապէս սկսած ենք աշխատիլ տարբեր ուղղութիւններով: Մեր առաջնահերթութիւններէն դարձաւ ամերիկահայ բուժքոյրերու հաւաքագրումը, որոնք կամաւոր հիմունքներով կը փափաքին մեկնիլ Հայաստան՝ օգնելու վիրաւորուած զինուորներուն առողջութեան վերականգնման հարցով: Միաժամանակ, նախարարութեան կողմէ ուղարկուած ցուցակով կրցած ենք հաւաքել պահանջուող ապրանքներ՝ յատկապէս դեղորայք ու բժշկական պարագաներ: Մենք նաեւ կապի մէջ ենք Հայաստանի բուժքոյրերու միութեան, տարբեր հիւանդանոցներու հետ, ուր եւս մեզի կը տեղեկացնեն, թէ ինչ դէպքերու համար մասնագիտացած բուժքոյրերու, խորհրդատւութեան կարիք ունին»,- ըստ Նանէ Աւագեանի՝ կը տեղեկացնէ Հայ-ամերիկեան բուժքոյրերու միութեան նախագահ Թագուհի Սարգսեան: Ան կը նշէ, որ միութեան կոչին արձագանգած են բազմաթիւ բուժքոյրեր, ներառեալ՝ վնասուածքաբան, շտապ օգնութեան, վերակենդանացման բաժանմունքի բուժքոյրեր: «Մեր աշխատանքը սկսաւ հինգ բուժքոյրերու հետ, որոնք առաջինը մեկնեցան Երեւան, այնուհետեւ անոնց միացան եւս քսան հոգի: Անոնք, պահանջուող ոլորտներուն մէջ մեր ամենափորձառու մասնագէտներն են, եւ ներկայիս կը գործեն Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներու մէջ»,- կը նշէ Սարգսեան: Միութիւնը կը շարունակէ հաւաքագրումը եւ կոչ կ՝ընէ վնասուածքներու հարցերով մասնագիտացած, եւ վերակենդանացման բաժանմունքի բուժքոյրերու, որոնք կամաւոր հիմունքներով կը փափաքին մեկնիլ հայրենիք՝ դիմելու իրենց արձանագրուելու համար: