ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Պատրաստակամ է Աջակցելու ՀՄԸՄ-ի Ծրագիրներուն. Մեկնարկեց Կազմակերպութեան 100-ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովը

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան յարկին տակ մեկնարկած է ՀՄԸՄ-ի հիմնադրման 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ գիտաժողովին ծիրէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած է նամականիշ՝ «Սփորթ. Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան 100-ամեակ»-ին:

Բացման խօսքին մէջ, Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր-Գրիգորեան ըսած է, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակը հիանալի առիթ է անոր գործունէութիւնը կարեւորելու, ուսումնասիրելու, հանրայնացնելու եւ արժեւորելու անոր դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ: «ՀՄԸՄ-ը իր ստեղծման օրէն աշխատեցաւ իրականացնել տարբեր ծրագիրներ՝  դաստիարակելով հայրենասիրական եւ մարդասիրական արժէքներ: Ինծի համար, իբրեւ նախկին ՀՄԸՄ-ական, եւ նախկին ՀՄԸՄ-ականներու զաւակ, անչափ ոգեւորիչ են այս յոբելեանին առիթով տեղի ունեցող տօնախմբութիւնները»,- նշած է փոխնախարարը:

Ան յայտնած է, որ հայրենիքի մէջ համախմբուած ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամները դրական մեծ լիցքեր պիտի ստանան եւ նոր ուժով ու եռանդով պիտի շարունակեն իրենց ալեկոծութիւնը:

«Կը վստահեցնեմ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պատրաստակամ է մշտապէս աջակցելու ՀՄԸՄ-ի ծրագիրներուն, որոնք պիտի յանգեցնեն որակական նոր մակարդակի համագործակցութեան: Մենք այսօր նոր սկիզբ կը դնենք Հայաստան-Սփիւռք կապերուն մէջ, նոր ձեւաչափով, գործելով նոր Հայաստանի մէջ»,- ընդգծած է Տէր-Գրիգորեան:

ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Իշխան Եղիայեան, իր հերթին աւելցուց, որ ՀՄԸՄ-ին նուիրուած գիտաժողովը իր տեսակին մէջ, թերեւս, առաջինը չէ, բայց իր ձեւին եւ բովանդակութեան մէջ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: «ՀՄԸՄ-ը սոսկ շարժում չէ, անիկա մինչ այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Այսօրուան գիտաժողովին զեկուցողները արխիւներու եւ զանազան աղբիւրներու մէջէն լուսարձակի տակ կ’առնեն, եւ հանրութեան կը ներկայացնեն ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեայ վաստակի զանազան հանգրուանները ժամանակագրական կապով»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ գիտաժողովին ընթացքին «ՀՄԸՄ կազմաւորումը, առաջին քայլերն ու գործունէութիւնը» թեմայով զեկուցում պիտի կարդայ Հայկ Դէմոյեան: «Մայր Հայրենիք վերադարձն ու գործունէութիւնը (1918-1921)» թեման պիտի շօշափէ Յարութ Չէքիճեան: «ՀՄԸՄ իբրեւ Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ջահակիր եւ համասփիւռքեան կառոյցի ստեղծումը» թեմայով պիտի զեկուցէ Տիգրան Ճինպաշեան: «Վերընձիւղում Հայրենիքի մէջ եւ գործունէութիւնը 1989-էն մինչեւ մեր օրերը» թեման պիտի արծարծէ Գեղամ Մանուկեան:

 

Leave a Reply