Արձանին` Արամի Պատգամը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

 

«Հայրենիք»-ի խմբագրական

Դեռ շատ բան կարելի է գրել արդէն իսկ էջեր գրաւած ՄԱՐԴՈՒՆ արձանին մասին, որուն բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ Յուլիս 17-ին:

Ի վերջոյ, պարզ անձնաւորութիւն մը չէր այդ ՄԱՐԴԸ, որուն շատ բան կը պարտինք` հակառակ ոչ իսկ կէս դար ապրած ըլլալուն:

Ո՞վ է այդ ՄԱՐԴԸ, որուն ետին հարցադրումը կը շարունակուի: Ո՞վ է այդ ազգային տիպարը, որ կ՛արտացոլացնէ «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի այդ համեստ, խոնարհ, խիզախ ու վեհանձն տիպարը:

ՄԱՐԴԸ Սերգէյն է… Արամը, որուն մահուան հարիւրամեակը պիտի նշուի քանի մը ամիսէն, յառաջիկայ Յունուար 29-ին: Այդպիսի տարելիցներու սպասման կարիքը չկայ յիշելու, վերարժեւորելու կամ յետմահու մետալ շնորհելու այս ՄԱՐԴՈՒՆ:

Առողջութեամբ բոլորովին տկարացած եւ բծաւոր տիֆէ վարակուած, համեստ պայմաններու տակ, իր երդիքին տակ երկար ժամանակ անկողինի ծառայած, ան առյաւէտ փակեց աչքերը` իր ետին ձգելով ժառանգ մը, որ կարելի չէ տեսնել, դիտել ու շօշափել: Այլ շատ աւելի խոր է անոր ձգած ժառանգը` զգացական, հոգեբանական, թէ համահայկական, մանաւանդ որ ան Հայաստանի Ա. հանրապետութեան կերտիչն ու հայոց պետականութեան վերականգնման մղիչ ուժն ու հիմնադիրն է: Ա. հանրապետութիւն մը, առանց որուն` կարելի չէր ունենալ ներկայ կացութիւնը, իրավիճակը, խորհրդային եւ ապա յետխորհրդային վերանկախացած Հայաստանը:

Անոր նկարագիրն ու գործելաձեւը կ՛ապացուցեն, որ հայ ժողովուրդի կենսունակութեան եւ ազգային-հասարակական միասնութեան սիրոյն, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար գործած ու պայքարած ՄԱՐԴԸ պիտի նախընտրէր յիշատակուիլ անծանօթ զինուորի մը յուշարձանով: Այո՛, այդպէս էր ՄԱՐԴԸ` Արամը, Հայաստանն ու հայութիւնը, համահայկական ու հասարակաց շահի պաշտպանութիւնը ամէն բանէ վեր դասող այս տիպարը: Բնաւորութիւն մը, գործելաձեւ մը, սլացք մը, որ պարզ ու մեկին «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի հնոցին մէջ թրծուած տիպարը:

Երեւանի քաղաքապետարանին կողմէ, գրեթէ տարի մը առաջ, որոշուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի տօնակատարութեան առթիւ, Հանրապետութեան հրապարակին մօտ` Արամի եւ Նալպանտեան փողոցներու խաչմերուկին յարող տարածքին զետեղել այս կոթողը:

Մետալազուրկ է ՄԱՐԴՈՒՆ արձանը, որ եռագոյնով պատուած` իր աչքերը յառած է Հանրապետութեան հրապարակ` հանրապետութիւն, այսինքն ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

Եւ դեռ շատ պիտի ներշնչուի, ոգեւորուի եւ տոգորուի  այցելու ակնդիրը:

Այսպէս է «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի տիպարի ներկայացուցիչ Արամի արձանը` ՄԱՐԴՈՒՆ պատգամը:

 

Leave a Reply