Վերամուտի Առիթով. Այդ Լուսատու Յարկը, Որուն Մէջ Հասակ Առինք Տարբեր Էր Ուրիշներէն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Սեւակ Յակոբեան

Որքան ալ ոչ-առարկայական հնչէ նախկին ուսանողի մը վկայութիւնը, սակայն, տեսութիւնը կ’ըսէ, թէ նոյնանման վկայութիւններու մեծ թիւը կարելի է գիտական փաստ համարել:

Վահան Թէքէեան Վարժարանը աւելի քան դպրոց մըն էր մեզի համար՝ շատ մը իմ սերնդակիցներու վկայութեամբ: Վարժարանին աշակերտութեան բարձրագոյն թիւի հասած օրերուն (1974 – 1982) բախտը ունեցած էի աշակերտել անոր՝ դառնալով նաեւ այդ տաքուկ ընտանիքին մէկ անդամը:

Պարոն Տնօրէնին` Երուանդ Պապայեանի, գլխաւորած ընտանիքը մեծ էր ու իրար կապուած՝ անքակտելիօրէն որակեալ օղակներով: Դաստիարակները հոն շատ էին, սակայն դաստիարակութեան ոգին մէկ էր: Վահան Թէքէեան Վարժարանը ընտանիք մըն էր, որուն ուսուցչական կազմը՝ իմա՝, ընտանիքին երէց անդամները։ սովորական պաշտօնեաներ չէին հոն. նուիրեալներ էին անոնք՝ բառին բարոյագիտական ամէնախորունկ իմաստով:

Այսօրուան հեռաւորութենէն, երբ կը դիտեմ եւ աւելի գիտակցութեամբ կը դատեմ՝ կրնամ հաստատել, որ այդ նուիրեալները բոլորն ալ բարձրագոյն ուսման տէր անձինք չէին, սակայն մարդկային բարձր արժանիքներ կը դրսեւորէին: Երուանդ Պապայեան յաջողած էր ի մի բերել Թէքէեանցի նախկին աշակերտներ ու այլ ազնիւ մարդիկ, եւ անոնցմով կազմել իր գլխաւորած ուսուցչական կազմը: Այս կազմը՝ իր ամբողջ ոգիով՝ կառչած էր դպրոցին: Ակադեմական, թէ վարչական իմաստով կարելի է հարցադրել, թէ հաստատութենէ մը շրջանաւարտ անձը նոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնի կոչուելու պարագային նորութիւն ու այլ փորձառութիւններ դժուար թէ պարգեւէ հաստատութեան. սակայն, նախակրթարանի մը համար, այդ  հին ու բարի օրերուն, նման բան այնքան ալ կենսական չէր, որքան՝ ոգիին մաքրութիւնն ու բարձրամակարդակութիւնը:

Չեմ կրնար մոռնալ անուններ, որոնք այսօր մեր մէջ ֆիզիքապէս տակաւին կ’ապրին, նաեւ՝ անոնք, որոնք արդէն յաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Անոնք սիւներն էին այդ տան: Մեծ յուզմունքով նաեւ կարօտով այսօր կը յիշեմ Պարոն Տնօրէնը՝ Երուանդ Պապայեանը, որուն շուքը այնքան ծանր ըլլալով հանդերձ հայերէն քերականութիւն դասաւանդած պահուն հայերէն Գ տառին կլոր բաժնին մէջ աչք, քիթ, բերան կը գծէր պատին վրայ՝ այսօրուան «Ուրախ Դէմք» Happy Face հասկացողութեամբ… Պարոն Անդրանիկ Պոզոյեանը, որ մեզի հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր այնպիսի՛ ներշնչումով ու ոգիով,  որ կարծէք տուեալ պատմական դէպքին ինք անձամբ մասնակցած ըլլար… Պարոն Փայլակ Ահարոնեանն ու Անդրանիկ Չիլինկիրեանը, առանց որոնց դպրոցը կարելի չէր երեւակայել: Պարոն Ստեփան Օգնայեանը, որ իր մարմնամարզանքի պահը  շփոթած էր բանակի կրթութեան դասապահի հետ. որքան խիստ՝ նոյնքան հայր… մանկապարտէզի Տիկ. Քաֆէսեանը, Տիկ. Արմէնուհին, Օրդ. Մարիժանը, տիկին Կոճիկեանը, Տիկ. Մարօ Չոլաքեանը, որոնց աւելի ուշ միացան օրիորդ Սիլվա Քէօշկէրեանը եւ ուրիշներ որոնք մեր կենսաբանական մայրերը չըլլալով հանդերձ մօր պէս կը գուրգուրային մեզի: Կը յիշեմ մանկապարտէզի ուսուցչուհի մայրս, որ մեզի կէսօրուայ ճաշ չպատրաստած, դպրոցական զանգէն անմիջապէս ետք իր պաշտօնակիցներուն հետ կ՛այցելէր տուեալ օրը հիւանդ եղող աշակերտներուն տուները՝ անոնց որպիսութեամբ մտահոգ… տիկին Անահիտ Գարակէօզեանը՝ մեր հայերէն լեզուի դասատուն, որուն դասաւանդածը առանց սորվելու դպրոց չէինք գար յաջորդ օր: Այդ մէկը կ’ընէինք, ոչ որպէս պարտականութիւն, այլ՝ որովհետեւ կարելի չէր մեր մայրը նեղացնել…: Չեմ կրնար մոռնալ Պարոն Թիթիզեանը, Պարոն Տիգրան Սէֆէրեանը, Օրդ. Սոնա Պախամեանը, Օրդ. Լորիսը, Տիկ. Ովսաննան, Տիկ. Արփին, Օրդ. Գարտաշեանը, Օրդ. Սոնա Ետալեանը, Օրդ. Սիրանը, Տիկ. Իսկուհին, Տիկ. Սօսի Գրիգորեանը, Օրդ. Լուսին Փարմաքեանը, Օրդ. Սիլվա Պոզոյեանը, որոնց աւելի ուշ միացան Օրդ. Սիլվա Մահտեսեանը,  Պարոն Զաւէն Տիգրանեանը եւ ուրիշներ: Ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնցմէ ոմանք, չեմ գիտեր ինչու՛, իրենց անունով էին ծանօթ, միւսները՝ մականունով իսկ ուրիշներ՝ երկուքով միատեղ:  Այս ազնիւ մարդիկը իրենց գործը աներեւակայելիօրէն անձնականի առած էին ու դպրոցին եւ աշակերտութեան վրայ կը գուրգուրային որպէս իրենցը:

Մեր դպրոցին մէջ չկար դասակարգային տարբերութիւններ: Կը յիշեմ մաքրութեան պատասխանատու Տիկ. Վիքթորեան ու Տիկ. Մարի Եանըքեանը, որոնք թէ՛ ուսուցչական կազմի եւ թէ՛ աշակերտութեան կողմէ բացարձակ յարգանքի կ՛արժանանային իսկ Պրն. Պօղոս ու Տիկ. Մարի Նազարեանները դպրոցինս «պահակներն» էին, ոչ միայն բառին գործնական իմաստով, այլ նաեւ ապահովական ու հոգեբանական իմաստներով եւս…:

Վահան Թէքէեան Վարժարանը տարբեր էր ոեւէ մէկ այլ վարժարանէ: Հոն ամէն ոք միւսը գիտէր: Ուսուցիչները լաւ կը ճանչնային ծնողները, որոնք իրենց կարգին բարեկամներ ու ընկերներ էին: Դպրոցական, թէ արտադպրոցական ձեռնարկները նաեւ միութենականներն ու ՌԱԿ Շուշանիկ ակումբի Դեկտեմբեր 25-ի Կաղանդ Պապուկի աւանդական ձեռնարկը ընտանեկան հաւաքոյթներ էին երբ Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքը ի մի կու գար բան սորվելու, տօ՛ն դիմաւորելու ու հաց կիսելու…:

Այդ յարկին տակ լուսատու մեզի ջամբուեցաւ նաեւ ա՛յն ինչ, որ ակադեմականէն անդին էր: Այդտեղ մեզի ջամբուեցաւ ոգին, որ աւելի խորունկ է ու կարեւոր քան ուսումը: Հակառակ իր հատուածական պատկանելիութեան, մենք այնտեղ սորվեցանք հանդուրժողականութիւն, սէր ու յարգանք մեզմէ տարբերներուն նկատմամբ:

Ուրի՛շ էր Վահան Թէքէեան Վարժարանը: Ուրի՛շ էին այդ հին, լաւ ու անմեղ օրերը…: