
Ալֆորւիլը Կողմ է Ֆրանսայի Կողմէ Արցախի Անկախութեան Ճանաչման
Ալֆորւիլի քաղաքային խորհուրդը միաձայն քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման օգտին: Այս մասին Twitter-ի իր էջին միջոցով յայտնած է Ալֆորւիլի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան:
Որոշում կայացուած է նաեւ Ալֆորւիլի կողմէ նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու Արցախի հայ բնակչութեան: