Գիշերը Ռազմաճակատին Վրայ Իրադրութիւնը Եղած է Յարաբերականօրէն Կայուն-Լարուած

Հայաստան

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտութեան գօտին մէջ Հոկտեմբեր 8-ի լոյս 9-ի գիշերուան ընթացքին իրադրութիւնը եղած է յարաբերականօրէն կայուն-լարուած: Գործող-մարտավարական իրադրութիւնը մնացած է անփոփոխ: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը:

«Ռազմաճակատի առանձին հատուածներու մէջ շարունակուած են փոխհրաձգութիւններ, հրետանային մենամարտեր, հակառակորդը հրթիռա-հրետանային հարուածներ հասցուցած է նաեւ խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ: ՊԲ ստորաբաժանումները լիարժէքօրէն կը վերահսկեն իրադրութիւնը եւ պատրաստ են որեւէ զարգացման», կը նշէ ՊՆ-ն: